Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

January 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց  Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի  գործակատար Ֆիլիփ Լազարինին` ընկերակցութեամբ ՄԱԿ-ի գաղթականներուն հարցերու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի եւ Հարիրիի գաղթականներու հարցերու խորհրդատու Նատիմ Մունլա:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գաղթականներուն ու տեղահանուածներուն վերաբերող շարք մը հարցեր եւ անոնց օժանդակելու կարեւորութիւնը` մինչեւ անոնց տունդարձի ապահովումը:

Հանդիպումէն ետք Մերեհպի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են տեղահանուածներուն մատուցուած օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուած են այդ օժանդակութիւններու նուազումին պատճառած մտահոգութիւնները:

Մերեհպի ըսաւ, որ հանդիպումին ընթացքին մատնանշուած է արաբական երկիրներուն կողմէ տեղահանուածներու օժանդակութեան իմաստով մասնակցութեան չգոյութիւնը: Ան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն մասնակցելու այդ օժանդակութիւններուն, յատկապէս սնունդ տրամադրելու առումով:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի կաթողիկէ համայնքի վարժարաններու եպիսկոպոսական յանձնախումբը` նախագահութեամբ Հաննա Ռահմէ եպիսկոպոսին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սեփական դպրոցներուն դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները` ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները վճարելու իմաստով: Անոնք մաղթեցին, որ վարչապետ Հարիրի եւ կառավարութիւնը լուծում մը գտնեն այդ հարցին, որպէսզի ո՛չ ուսուցիչներուն իրաւունքը զլացուի եւ ո՛չ ալ աշակերտները ուսումէ զրկուին` նկատի ունենալով, որ առանց լիբանանեան պետութեան օժանդակութեան, ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումները կարելի պիտի ըլլայ ամբողջացնել կրթաթոշակի յաւելումով, «եւ այս օրերուն կրթաթոշակի յաւելումը կրնայ պատճառ դառնալ դպրոցներու փակումին», նշեց յանձնախումբը:

Հանդիպումէն ետք Ռահմէ եպիսկոպոսը ողջունեց հանրապետութեան ու խորհրդարանի նախագահները, որոնք կը գիտակցին այս հարցին լրջութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ իշխանութեան երեք պետերն ու կրթութեան նախարարը լուծեն այս հարցը` առանց ծնողներուն նստացոյցին:

Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստ

Յետմիջօրէին վարչապետ Հարիրի, ներկայութեամբ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ ներդրումային ծրագիրներուն կարեւորութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ այն կողմերը, որոնք կը ջանան Լիբանանի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւնները խոչընդոտել, իրենց նպատակները պիտի չկարենան իրականացնել:

Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց Սայտայի մէջ պատահած պայթումը, որ թիրախ դարձուցած էր պաղեստինցի պատասխանատու մը, ինչպէս նաեւ դրուատեց ահաբեկչութիւնը մերժող լիբանանեան միացեալ կեցուածքը:

 

 

 

Նախորդը

Ժրայսաթի. «Հանրապետութեան Նախագահը Բոլորին Նախագահն Է Եւ Ան Սահմանադրութեան Ու Օրէնքին Պաշտպանն Է»

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ. Պըրրի Կը Պահանջէ Իսլամական Երկիրներուն Դեսպանատուները Ուաշինկթընէն Այլ Վայրեր Փոխադրել Եւ Թրամփի Վարչակազմին Հետ Գործակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկել

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.