Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժրայսաթի. «Հանրապետութեան Նախագահը Բոլորին Նախագահն Է Եւ Ան Սահմանադրութեան Ու Օրէնքին Պաշտպանն Է»

January 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող շարք մը հարցեր:

Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ ոմանք իրենց կատարած յայտարարութիւններուն առաստաղը կը բարձրացնեն` աւելցնելով, որ նման յայտարարութիւնները զիրենք երկիւղի չեն մատներ, որովհետեւ իրենց խօսքերը տեսակարար են եւ առաւելագոյն չափով ազգային:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախագահական աթոռը երկար ժամանակի վրայ թափուր պահելէ ետք, այժմ կարելի եղած է ընտրել հանրապետութեան հզօր նախագահ մը` ժողովրդավարական ներկայացուցչութեան չափանիշներով: «Նախագահ մը, որ Լիբանանին վերադարձուց իր գերիշխանութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ բոլորէն ետք ոմանք կը մերժեն գործադրել ընտրական նոր օրէնքին բերած բարեկարգումները:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ իրենք օրինական նախաձեռնութեան տէրերն են, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` ի նպաստ Լիբանանի պետական զարթօնքին:

Անդրադառնալով շրջանաւարտ սպաներուն աստիճանի բարձրացում շնորհելու հանրապետութեան նախագահին ստորագրած շրջաբերականին` Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախագահը իր իրաւասութիւնները կը գործադրէ: «Այս իշխանութեան օրով խստիւ կը մերժենք հանրապետութեան նախագահին իրաւունքները ուրանալ կամ անտեսել», ըսաւ Ժրայսաթի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին ուղղուած ամբաստանութիւնը` սահմանադրութիւնը խախտելու իմաստով, վտանգաւոր է: «Հանրապետութեան նախագահը բոլորին նախագահն է եւ ան սահմանադրութեան ու օրէնքին պաշտպանն է», ընդգծեց Ժրայսաթի:

Ժրայսաթի հաստատեց, որ սահմանադրական եւ օրինական քննարկումը աւարտած կարելի է նկատել օրէնսդրական խորհուրդի կարծիքին հրապարակումէն ետք: Ան նշեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը միշտ սահմանադրութեան եւ օրէնքի հեղինակութեան կը վստահի:

 

Նախորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Առիթ Մըն Են` Հաշուետուութեան Կանչելու Իշխանութիւնները» Շեշտեց Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.