Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան Հատաթի նոր կեդրոնին մէջ լիբանանեան մամուլի, ինչպէս նաեւ լսատեսողական եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները ներկայ գտնուեցան մամլոյ ասուլիսի մը, որուն հրաւիրած էր Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան:
Ան նշեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը ընտրած է «Քիֆ ահուալաք, խապպըրնա» կարգախօսը` աշխատաւոր մարդուժի եւ ընտանիքներու ապրուստի պայմաններուն ընդհանուր հաշուարկը իրագործելու համար:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն գործակցելու վիճակագրութեան համար անոնց դիմող անձնակազմին հետ` հաստատելով, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը կատարեալ գաղտնապահութեամբ կը գործէ:
Դոկտ. Կիտանեան հաստատեց, որ ընդհանուր հաշուարկը պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա ընտանիքներու ապրուստի պայմաններուն եւ աշխատաւոր մարդուժին մասին պիտի տրամադրէ հսկայական տեղեկութիւններ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան: «Առաջին անգամ ըլլալով կարելի պիտի դառնայ Լիբանանի մէջ ապահովել կարգ մը ցուցանիշներ` գաւառներուն մէջ աշխատաւոր մարդուժին եւ ընտանիքներուն ապրուստի պայմաններուն մասին, ինչպէս նաեւ առաջին անգամն է, որ կարելի պիտի ըլլայ պատրաստել տեղեկագիրներ, որոնք պիտի օժանդակեն կառավարութիւններուն` ընկերային, տնտեսական եւ բարգաւաճման շինիչ եւ առողջ ծրագիրներ մշակելու», ըսաւ ան:
Դոկտ. Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործադրուելիք այս հաշուարկը իր ձեւին մէջ նաեւ առաջինը պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ աշխատանքին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել վիճակագրական ցուցակներ եւ տուեալներ` համապետական, նահանգներու եւ շրջաններու մակարդակներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ այդ հաշուարկը պիտի ընդգրկէ 40.000 ընտանիք:
Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի պարագային պիտի հարցուին 120 հարցումներ: «Աշխատանքը պիտի գործադրուի նոր թեքնիքներով եւ արդիական միջոցներով` երաշխաւորելով ճշգրիտ, թափանցիկ եւ վստահելի արդիւնքներ, որոնք հարազատ կերպով կը ներկայացնեն աշխատաւորներուն եւ ընտանիքներուն պատկերը», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան գործադրելիք ընդհանուր հաշուարկին ընթացքին գոյանալիք ցուցանիշները մեծ կարեւորութիւն պիտի ներկայացնեն:
Դոկտ. Կիտանեան հաստատեց, որ այս հաշուարկը, որ միամեայ աշխատանք է, շատ կարեւոր պիտի ըլլայ երկրին եւ քաղաքացիներուն համար:
Ան կոչ ուղղեց մամուլին, լսատեսողական լրատուամիջոցներուն եւ լրագրողներուն վիճակագրութեան մշակոյթին մասին քարոզչութիւն կատարելու եւ քաղաքացիներուն մտահոգութիւնները փարատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վիճակագրական աւելի հեզասահ աշխատանք մը ունենալ եւ թափանցիկ թիւեր ու արդիւնքներ ստանալ, որոնք հետագային պիտի դրսեւորուին նախարարութիւններուն մշակելիք քաղաքականութիւններուն եւ ռազմավարութիւններուն մէջ:
Նշենք, որ ամիս մը առաջ, հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, վարչապետարանին մէջ պաշտօնական ձեռնարկի մը ընթացքին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը մեկնարկը կատարեցին Լիբանանի մէջ աշխատաւոր մարդուժի եւ ընտանիքներու ապրուստի պայմաններուն ընդհանուր հաշուարկին: