Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ 2018-ի պետական ամավարկը:
3 ժամ տեւած նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հարիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները` 2018-ի ամավարկի կառավարութեան կողմէ վաւերացման առիթով: Հարիրի ըսաւ, թէ պետական ամավարկը կ՛ընդգրկէ բոլոր ոլորտներու բարեկարգումներ` ընդգծելով, որ վաւերացումը նախարարական յանձնախումբի երկար աշխատանքի արդիւնք է, շնորհակալութիւն յայտնելով ելեւմուտքի նախարարին եւ անոր գլխաւորած աշխատանքային խմբակին, որոնք ճիգ չխնայեցին իրենց լաւագոյնը ներկայացնելու:
Անդրադառնալով ելեկտրականութեան հարցին` վարչապետ Հարիրի ըսաւ, թէ երկրի քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն են ելեկտրականութեան տագնապին լուծում գտնելու, եւ այսօրուան կարեւորագոյն խնդիրն է ունենալ օրական 24 ժամուան դրութեամբ ելեկտրականութիւն` քաղաքականութիւնը հեռու պահելով նշեալ հարցի լուծումներու ընթացքէն` ընդգծելով, որ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերն են Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան չգոյութենէն միակ օգտուողները եւ անոնք տարեկան 2 միլիառ տոլար շահ կ՛ապահովեն` առանց որեւէ տուրք վճարելու պետութեան: Հարիրի շեշտեց, որ ելեկտրականութեան հարցի լուծման համար նախատեսուած որեւէ ծախս կրնայ օգտակար ըլլալ լիբանանցիներուն համար, եւ ատիկա 40 առ հարիւրով կը նուազեցնէ ելեկտրականութեան համար լիբանանցիին տուած գումարներէն, մատնանշելով, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւնը անպայման իր դրական անդրադարձը կ՛ունենայ կառավարութեան գործունէութեան վրայ, փաստը` 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումն է:
Հարիրի դիտել տուաւ նաեւ, թէ երկիրը կառուցուած է համախոհութեան վրայ, եւ առանց անոր կարելի չէ որեւէ ծրագիր իրականացնել:
Անդրադառնալով ամավարկի վաւերացումին` Հարիրի ըսաւ. «Այս ամավարկով մենք հեռացանք Յունաստանի տագնապի ճակատագիրէն եւ տնտեսական տագնապ ունենալու վախ չունինք, սակայն պէտք է շարունակել ընթացք առած տնտեսական բարեկարգումները` ճշդուած եւ ուսումնասիրուած ծրագիրի մը հիման վրայ»:
Իր կարգին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ըսաւ, թէ 2018-ի ամավարկի վաւերացումով որեւէ նոր տուրքեր ճշդուած չեն` հաստատելով, որ կառավարութիւնը յարգեց խորհրդարանին տուած իր խոստումը` կառավարութեան ամավարկը հերթականութեամբ վաւերացնելու:
Նախարար Խալիլ ըսաւ, թէ քաղաքական պատճառներ արգելք հանդիսացան ամավարկի կանուխ վաւերացումին, սակայն վաւերացումը կը հաստատէ կառավարութեան իրաւացիութիւնը` նախատեսուած պիւտճէն լրջօրէն գործադրուելու, եւ «մենք վճռակամ ենք 2017-ի ամավարկով հաստատուած ժամանակահատուածը յարգելու»:
Նախարար Ալի Հասան Խալիլ իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Մենք կ՛ուղղուինք դէպի իրաւ բարեկարգումներ եւ ճիշդ ճամբուն վրայ ենք»` աւելցնելով, որ 2018-ի ամավարկն է` 23 հազար 854 միլիառ 271 միլիոն եւ 623 հազար լիբանանեան ոսկի, որուն վրայ կ՛աւելնայ ելեկտրականութեան ընկերութեան տրուելիք վարկը:
Նոյն շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ստորագրեց 2018-ի ամավարկի օրէնքի նախագիծը եւ ուղարկեց խորհրդարան` առ ի վաւերացում:
Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, ներկայութեամբ իր խորհրդականներէն Նատիմ Մունլայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ 6 ապրիլ 2018-ին Փարիզի մէջ կայանալիք «Սետր» խորհրդաժողովը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ տնտեսական օժանդակութիւն ապահովել Լիբանանին:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին թեկնածուները միասնաբար պիտի գործեն, թէ՛ երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ` ընտրական արշաւին իմաստով, եւ թէ ընտրութիւններէն ետք` խորհրդարանին մէջ: «Յոյսով ենք, որ անոնք պատուաբեր քուէներով պիտի հասնին խորհրդարան` ներկայացնելու համար Մուսթաքպալ հոսանքը, Մուսթաքպալի համակիրները եւ աւելի լաւ Լիբանան մը կերտելու Մուսթաքպալի ծրագիրը», նշեց Հարիրի:



