Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Հռոմի մէջ մեկնարկը կը կատարուի «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն:
«Հռոմ 2» խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միջազգային գործակցութեան կեդրոնին մէջ:
Խօսք պիտի առնեն Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնի, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես:
Ապա պաշտօնական խմբանկարը ստանալէ ետք, խորհրդաժողովը պիտի ընթանայ դռնփակ կարգով: Այնուհետեւ խորհրդաժողովին արդիւնքները միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կը ներկայացնեն վարչապետ Հարիրի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ:
Խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ Հռոմ, ուրկէ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը որդեգրած է շրջանի տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու կեցուածքը, որ կը գործադրուի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:
Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան զինուորական եւ ապահովական բաժանմունքները` բանակը, Ներքին ապահովութեան ուժերն ու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը իրենց կարիքները ներկայացնող ծրագիրներ մշակած են` զանոնք խորհրդաժողովին ներկայացնելու նպատակով:
Ուշ գիշերին Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ Հարիրիին ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր, վարչապետի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, Հարիրիի զինուորական հարցերու խորհրդատու Մարուն Հըթթի եւ բարձրաստիճան զինուորականներ: