Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երէկ գիշեր «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան տարեկան դրամահաւաքի ընթրիքը եւ նշուեցաւ 14 մարտ 1989-ի «Ազատագրութեան պատերազմ»-ի 29-ամեակը:
Այս առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն լիբանանցի քաղաքացին վարկաբեկումէ ազատելու, իսկ հաստատութիւնները փտածութենէ փրկելու համար:
Ան նշեց, որ 1989-ին «Լիբանանի ազատագրութեան» որոշումը տուած ղեկավար զօր. Միշել Աունի շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանը փրկել եւ վերջ տալ «Լիբանանի զօրութիւնը իր տկարութեան մէջ է» անճիշդ կարգախօսին:
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան հոգատարութեան, տեղահանուածներու եւ բնակեցումի երկիր չէ` աւելցնելով, որ այս կեցուածքը ցեղապաշտութիւն չէ, այլ` լիբանանեան ազգայնականութիւն:
«Սակայն պէտք է ըսել, որ ներկայիս ճակատամարտը աւելի դժուար դարձած է, որովհետեւ անիկա կը կեդրոնանայ պետական հաստատութիւնները քաղաքացիական միլիսներէն ազատագրելու վրայ: Պատերազմի ընթացքին կը դիմադրէինք միլիսներու զինուորական տարազին, իսկ այսօր կը դիմադրենք քաղաքացիական տարազին` փողկապներուն: Մենք մեր պայքարը պիտի շարունակենք, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին դուք պիտի որոշէք, եթէ կը փափաքիք այդ պայքարը մեր կողքին շարունակել: Ժողովուրդը այլեւս գանած է վարչական միլիսներէն եւ ընտրութիւններէն ետք ժողովուրդը վարչութիւններու աշխատանքին իշխող միլիսները պիտի վտարէ, ինչպէս որ զինեալ միլիսները փողոցներէն վտարեցին պատերազմէն ետք», հաստատեց Պասիլ: