Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Փլաթէայի մէջ յայտարարեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուները` կոչ ուղղելով բոլորին, որ քուէարկեն ի նպաստ պարկեշտին եւ ոչ այն պատասխանատուներուն, որոնք պետութեան բացթողումները կ՛արդարացնեն կամ կը ծածկեն:
Անդրադառնալով 14 մարտ 2005-ին տեղի ունեցած Մայրիներու յեղափոխութեան` Ժահժահ յայտնեց, որ առանց Մայրիներու յեղափոխութեան Լիբանան չի կրնար գոյատեւել, «ինչպէս որ առանց Լիբանանեան ուժերուն չի կրնար գոյատեւել», աւելցուց ան:
Ժահժահ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլան եւ այն համոզումը, թէ Լիբանան Դիմադրութեան կարիք ունի: Ան նշեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը ոսկեայ տարազ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ անիկա թուղթէ տարազ է:
Ժահժահ կծու քննադատութիւններ ուղղեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հասցէին, երբ երկրին մէջ տիրող փտածութեան լաւագոյն օրինակը նկատեց ելեկտրականութիւնն ու ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերու թղթածրարը:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն 6 մայիսին ուղղուելու քուէատուփ եւ իրենց քուէներով ստեղծելու նոր պետութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուներն են.
Պէյրութ Ա. ընտրաշրջան- Ռիատ Աքըլ եւ Իմատ Ուաքիմ:
Հիւսիսային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջան- Մարիոս Պաայնի:
Ժեզզին- Աժաժ Հատտատ:
Արեւմտեան Պեքաա- Էլի Լահուտ:
Պշարրէ- Սթրիտա Ժահժահ եւ Ժոզեֆ Իսհաք:
Զահլէ- Ժորժ Օքայս:
Պաալպեք-Հերմել- Անթուան Հապշի:
Քեսրուան- Շաուքի Տաքքաշ:
Մերժահիուն-Հասպայա- Ֆատի Սալամէ:
Ալէյ- Անիս Նասսար:
Ժիպէյլ- Զիատ Հաուաթ:
Պաթրուն- Ֆատի Սաատ:
Աքքար- Ուեհպէ Քաթիշա:
Մեթն- Էտի Ապի Լամաա:
Քուրա- Ֆատի Քարամ:
Պաապտա- Փիեռ Ապու Ասի:
Շուֆ- Ժորժ Ատուան: