Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Կ՛այցելէ Լիբանան

March 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարիրի. «Պիտի Շարունակեմ Հօրս Ուղեգիծով Ամրապնդել Լիբանանի Եւ Հայաստանի Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութիւնը»
 Կարապետեան. «Պէտք Է Հիմնել Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ներդրումներուն Զօրակցող Լիբանանեան-Հայկական Միացեալ Ֆոնտ Մը»

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Կարապետեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան  նախարար Իգնատի Առաքելեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Պապիքեան, Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ յատուկ յանձնառութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Լեւոն Սարգսեան, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցաւ վարչապետարան:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի կէսօրուան ժամը 12:30-ին վարչապետարանին մուտքին պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորեց հայաստանցի իր պաշտօնակիցը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ձեռնուելէ ետք, դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Կարէն Կարապետեանի հետ:

Ապա տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ կիներու հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումէն ետք վարչապետներ Հարիրի եւ Կարապետեան հանդիպումին արդիւնքները յայտարարեցին մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:

Վարչապետ Կարապետեան յայտնեց, որ Հարիրիի հետ իր քննարկումները ընթացած են դրական եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

«Միտքերու փոխանակման ընթացքին արդէն իսկ պարզ էր մեզի համար, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, եւ խորքին մէջ Հայաստանն ու Լիբանանը բարեկամ եւ մօտիկ երկիրներ են», ըսաւ ան:

Կարէն Կարապետեան հաստատեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները քաղաքականէն բաւական հեռու են` աւելցնելով, որ Հայաստան հսկայ ներուժ ունի այդ յարաբերութիւններուն ամրապնդման առումով:

«Մենք կը փափաքինք, որ լիբանանցի գործարարներ Հայաստան այցելեն, եւ այս առումով ներկայացուցած են Հայաստանի կարողութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անիկա Եւրասիոյ անդամ է եւ աշխատանքի հսկայ կարելիութիւններ կրնայ տրամադրել», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Կարապետեան առաջարկեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ներդրումներուն զօրակցող լիբանանեան-հայկական միացեալ ֆոնտ մը հիմնել:

Կարէն Կարապետեան անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դերակատարութեան, իւրաքանչիւր լիբանանահայ նկատելով Հայաստանի դեսպանը Լիբանանի մէջ, հաստատելով, որ լիբանանահայերը Լիբանանը եւ Հայաստանը սիրող եւ անոնց հաւատարիմ քաղաքացիներ են: «Անոնք կրնան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդել: Այս առիթով, վարչապետ Հարիրիի փոխանցեցի Հայաստան այցելութեան հրաւէր մը», ըսաւ ան` շեշտելով Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի աշխատանքները վերաշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Կարէն Կարապետեան հաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ Լիբանանի մէջ իր ունենալիք երկօրեայ հանդիպումները բաւական արդիւնաւէտ կ՛ըլլան երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:

Հարիրի հայերէնով «Բարի եկաք» ըսաւ վարչապետ Կարապետեանի: Ան նշեց, որ Հայաստանի վարչապետին հետ իր հանդիպումը հոյակապ եղած է: «Վարչապետ Կարապետեանի Լիբանան այցելութիւնը կը յաջորդէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան, եւ այդ մէկը կը փաստէ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքը որքան կարեւոր է Լիբանանի եւ Հայաստանի համար:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ պատմական եւ ամուր յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին` շնորհիւ լիբանանահայութեան, որ Լիբանանը բաղկացնող հանգոյցին անբաժանելի մէկ մասնիկն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն մէջ լիբանանահայեր բարձր պաշտօններ կը վարեն:

«Ես հպարտ կը զգամ, որ հայրս` նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, առաջինն էր, որ Հայաստանի պետութեան հետ եղբայրական յարաբերութիւններու սկսաւ` 1991-ի անոր անկախութենէն ետք, եւ մենք այդ ուղեգիծով պիտի շարունակենք աշխատիլ` իրականացնելով երկու երկիրներուն միացեալ շահերը», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ հայաստանցի իր պաշտօնակիցին հետ համաձայնած է ամրապնդել երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Ան նշեց, որ գործակցութեան ամրապնդումի պիտի արժանանան յատկապէս դրամատնային եւ զբօսաշրջական մարզերը:

Ըստ անոր, Լիբանան յանձնառու է, որ  Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբը մօտիկ ապագային` Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք, վերսկսի իր նիստերուն:

«Մեր միջեւ պատմական յարաբերութիւնները պէտք է գործով արտայայտենք: Ես անձամբ ասով շահագրգռուած եմ: Պատմական յարաբերութիւններու գոյութիւնը լաւ է, սակայն պէտք է զանոնք պահպանել եւ ամրապնդել` յատկապէս տնտեսական առումով», աւելցուց Հարիրի:

Ան նշեց, որ վարչապետ Կարապետեան հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանեան սեփական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ` Լիբանանի մէջ հայաստանեան ներդրումները, իսկ Հայաստանի մէջ լիբանանեան ներդրումները քաջալերելու նպատակով: «Այս քայլը երկու երկիրներուն շահերուն կը ծառայէ: Իսկ վարչապետ Կարապետեանի առաջարկած Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ներդրումներուն զօրակցող Լիբանանեան-հայկական միացեալ ֆոնտ մը հիմնելու ծրագիրը քննարկումի առարկայ է, որովհետեւ նման քայլ մը երկկողմանի ներդրումները կ՛աշխուժացնէ: Պէտք է շուտով սերտել զայն», ըսաւ Հարիրի` եզրափակելով, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութիւնը կարելի է աշխուժացնել նաեւ արհեստագիտական մարզին մէջ:

Պաապտայի Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր կարգին ընդունեց վարչապետ Կարապետեանը, որուն ներկայութեան ան ողջունեց Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ ներդրումներուն զօրակցող Լիբանանեան-հայկական միացեալ ֆոնտ մը հիմնելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արեւու ճառագայթներով վերանորոգուած ներուժ ստանալու ծրագիրները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք շատ ուրախ է երկկողմանի յարաբերութիւններ աշխուժացման եւ գործնականացման համար, ինչպէս անցեալ ամիս Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին կնքուած համաձայնութեամբ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է քննարկելու այն բոլոր հարցերը, որոնք կ՛օժանդակեն երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերուն: «Տարբեր մարզերու մէջ աշխատող գործարարներն ու սենտիքաներու նախագահները, յատկապէս դրամատնային մարզին մէջ, կ՛ամրապնդեն փոխադարձ գործակցութիւնը եւ զայն կը բարձրացնեն այն մակարդակին, որուն կը ձգտին Լիբանանի եւ Հայաստանի պատասխանատուները», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան վարչապետ Կարապետեանէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ իր բարեմաղթութիւնները` Հայաստանի նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի:

Նախագահ Աուն ընդգծեց լիբանանահայութեան ազդու  դերակատարութիւնը` լիբանանեան ազգային եւ քաղաքական կեանքին մէջ:

Իր կարգին, վարչապետ Կարապետեան հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունի փոխանցեց նախագահ Սարգսեանի ողջոյնները եւ անդրադարձաւ վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններուն, որոնք կը վերաբերին գրեթէ բոլոր մարզերուն, յատկապէս դրամատնային եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն:

Վարչապետ Կարապետեան հաստատեց, որ Լիբանան-Հայաստան միացեալ գերագոյն յանձնախումբը տարիներու կասեցումէ ետք, մօտիկ ապագային պիտի վերսկսի իր ժողովներուն: Ան նշեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է երկկողմանի համաձայնութիւններուն գործադրութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով Հայաստանի փափաքին ընդառաջելուն համար:

Պըրրիի Մօտ

Վարչապետ Կարապետեան այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց Հայաստանի եւ Լիբանանի խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ընթրիք Վարչապետարանին Մէջ

Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընթրիք մը սարքեց իր պատիւ Կարէն Կարապետեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան:

Վարչապետներ Հարիրիի եւ Կարապետեանի կողքին ընթրիքին մասնակցեցան նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, նախարար Ժան Օղասապեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի.  կաթողիկոս-պատրիարքի ներկայացուցիչ` Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ այլ երեսփոխաններ, դեսպաններ, հոգեւորականներ, գործարարներ, ակադեմականներ, ընկերային, մշակութային եւ տեղեկատուական մարզի ներկայացուցիչներ:

Ընթրիքին ընթացքին Հարիրի շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դ. նախագահ Արմէն Սարգսեանը` անոր ընտրութեան առիթով:

Ան ըսաւ, որ անցեալ տարուան ընթացքին Լիբանան ու Հայաստան նշեցին իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումի 25-ամեակը` աւելցնելով, սակայն, որ երկու երկիրներուն միջեւ  պատմական ու մշակութային յարաբերութիւնները շատ աւելի հին են, անոնք երկու հազար տարուան պատմութիւն ունին եւ կը սկսին Տիգրան Մեծի օրերէն:

«Այսօր Լիբանան եւ Հայաստան գործարարներու մակարդակի վրայ յաջող յարաբերութիւններ ունին, երկու երկիրներուն համալսարաններուն միջեւ եւս կայ ակադեմական փոխանակում, ինչպէս նաեւ արուեստի, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն միջեւ կայ երկկողմանի աշխուժութիւն: Այս յարաբերութիւններուն մէջ լիբանանահայութիւնը իր կարեւոր դերակատարութիւն ունի, ի մասնաւորի այն իրականութեան համար, որ ան Լիբանանը բաղկացնող ընկերային հանգոյցին աշխուժ եւ գործունեայ ազդակն է, որ ներկայ է բոլոր մարզերուն մէջ` արդիւնաբերութեան, մշակոյթի, կրթութեան թէ արուեստի: Լիբանանահայութիւնը կը քաջալերէ նաեւ երկկողմանի ներդրումները, որոնց վերջին արդիւնքները լիբանանցի դրամատնային ցանցերու աշխատանքն է` հայաստանեան դրամատնային ցանցերու հետ», հաստատեց Հարիրի:

Ան նշեց, որ Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւման շրջագիծին մէջ իր հայրը` Ռաֆիք Հարիրին էր, որ 1997-ին իբրեւ առաջին լիբանանցի բարձրաստիճան պետական պաշտօնատար այցելեց Հայաստան, «եւ ես պիտի շարունակեմ հօրս ուղեգիծը` ապահովելով երկու երկիրներուն եւ երկու ժողովուրդներուն շահերը: Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան: Կեցցէ՛ լիբանանեան-հայկական բարեկամութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանը եւ կեցցէ՛ Լիբանանը», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հարիրիի` Լիբանան այցելութեան հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար:

Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները միշտ ալ իւրայատուկ եւ հոյակապ եղած են, յատկապէս նկատի ունենալով պատմութեան ընթացքին երկու ժողովուրդներուն միջեւ դրսեւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները: «Հոս հարկ է անդրադառնալ Լիբանանի մէջ լիբանանահայութեան խաղաղասէր, ստեղծագործ եւ առանցքային դերակատարութեան», նշեց Կարապետեան:

Ան շեշտեց, որ նախորդ տարիներուն միջազգային դահլիճներուն մէջ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութիւնը նաեւ փաստ է երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններուն, որոնք ապագային պէտք է աւելի եւս ամրապնդուին, խորանան եւ վերածուին տնտեսական հզօր կապերու:

«Համոզուած եմ եւ կը յուսամ, որ քննարկուած ծրագիրները մօտիկ ապագային պիտի իրականանան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդեն, խորացնեն երկու ժողովուրդներուն միջեւ մտերմութիւնը», ըսաւ ան:

Կարէն Կարապետեան նշեց, որ շրջանը եւ Լիբանանի սահմանակից երկիրները յուզող ողբերգական զարգացումներուն առընթեր, Հայաստան պատրաստ է զօրակցելու բարեկամ Լիբանանին` մաղթելով, որ գիտակցութեամբ, իմաստութեամբ եւ ազգային արժէքներով զինուած լիբանանցին այդ մարտահրաւէրները արժանապատուութեամբ եւ իրեն յատուկ ազգային միասնականութեամբ պիտի կարենայ յաղթահարել` պահպանելով երկրին ապահովական կայունութիւնն ու բարգաւաճման ընթացքը:

«Վարչապե՛տ Հարիրի, ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք, իսկ լիբանանցի բարեկամ ժողովուրդին` խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ տնտեսական յաւելեալ զարգացում: Կեցցէ՛ Լիբանանը, կեցցէ՛ լիբանանեան-հայկական բարեկամութիւնը», եզրափակեց վարչապետ Կարապետեան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց, Որ «Հռոմ 2»-ի Արդիւնքները Պիտի Ամրապնդեն Ապահովական Հաստատութիւններուն Կարողութիւնները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.