Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկին վաւերացումով կարելի եղած է ծախսերը հակակշռել եւ նիւթական բացը նուազեցնել: Ան նշեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումով կարելի եղած է պետութեան ելեւմտական կարեւորագոյն աշխատանքը իրագործել:
Նախագահ Աուն ստորագրեց խորհրդարանը արտակարգ նստաշրջանի հրաւիրող հրամանագիր մը:
Նախագահ Աուն ընդունեց Աւանդներու ապահովագրման ազգային հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Խաթեր Ապի Հապիպը, որուն հետ քննարկեց հաստատութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս` դրամատուներու իրավիճակին վերաբերող:
Ապի Հապիպ ընդգծեց, որ դրամատուներուն ընդհանուր իրավիճակը մտահոգութիւն չի պատճառեր` աւելցնելով, որ դրամատուները յանձնառու են պահպանելու իրենց կայունութիւնը եւ դիմագրաւելու իրենց սպառնացող վտանգները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Անթուան Քլիմոսը` ընկերակցութեամբ լիկայի ընկերային յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ժըրժեսի: Անոնք նախագահ Աունը հրաւիրեցին նախագահելու եւ հովանաւորելու լիկայի տարեկան ընթրիքը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2018-ին, «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ: