ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան շաբաթ գիշեր այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Մեկնումի պահուն Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած են ընտրական իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ մթնոլորտը դրական էր, սակայն խորհրդակցութիւնները ամբողջացնելու կարիք կայ:



