«Ցաւն Ու Տանջանքը Մարդ Արարածը Կը Մղեն Զանոնք Յոյսի Վերածելու Պատասխանատուութեան» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
«Թելէ Լիւմիեր-Նուրսաթ» պատկերասփիւռի կայանի «Եկայ ծառայելու» յայտագիրի հաղորդավար հայր Էլիաս Քարամ անցեալ շաբաթ հետեւեալ խօսքով իր յայտագիրէն դիմաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին. «Մենք տակաւին կը գտնուինք Մեծ պահքի շրջանին մէջ եւ կը սպասենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան, իսկ երբ Մեծ պահքի մասին կը խօսինք, մեր միտքը կ՛ուղղուի դէպի Աւագ շաբաթ` տանջանքի շաբաթը: Այսօրուան մեր հիւրը անձնաւորութիւն...



















