ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Ս. Զատկուան տօնին առիթով բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան 29 մարտ 2018-ի գիշերէն մինչեւ 9 ապրիլ 2018-ի գիշերը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով գումարուած միջազգային խորհրդաժողովները կը փափաքին ամէն գնով զօրակցիլ Լիբանանին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մեկնեցաւ Պաքու` մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի ապահովութեան ու խաղաղութեան վերաբերող խորհրդաժողովի մը, ներկայութեամբ արաբ եւ միջազգային դէմքերու:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ արդեօք 2018-ի պետական ամավարկը գեղեցկագիտական գործողութեա՞ն ենթարկուած է` պահելու համար ճշմարտութիւնները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ կարգ մը ուժերու ներկայացուցիչներ նիւթական վարձատրութեան փոխարէն կը տարածեն այնպիսի լուրեր, թէ Հըզպալլա պիտի տիրէ լիբանանեան խորհրդարանին: Ֆըրզլի շեշտեց, որ բարեկարգումը երկար պայքարի արդիւնք կրնայ ըլլալ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ընտրութիւններու թեկնածու Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ Մայրիներու յեղափոխութիւնը սուտ մըն է, որ հիմնուած է սուտ վկաներու վրայ, «իսկ Մարտ 14-ի խաբեբաները սկսած են զիրար հարուածել», աւելցուց ան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ընտրութիւններու թեկնածու Զիատ Հաուաթ կոչ ուղղեց որդեգրելու տնտեսական քաղաքականութիւններու խառնուրդ մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ Լիբանանի պետական գանձարկղի նիւթական բացի նուազեցումին:
«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ ընտրական դաշինք մը գոյացած է Պաապտայի եւ Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ: «Մանար» ընդգծեց նաեւ, որ կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ երկու ուժերուն միջեւ գործակցութեան չգոյութիւնը ոչ մէկ կերպով կ՛ազդէ անոնց միջեւ ստորագրուած քաղաքական փոխըմբռնումի համաձայնագիրին վրայ:


