ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ 14 մարտ 2005-ը կը մնայ Լիբանանի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային օր մը, ինչպէս նաեւ ազատութեան, գերիշխանութեան եւ օտարին լուծը մերժող խորագիր մը: Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ հրապարակեց հրամանագիր մը, ըստ որուն Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ կը մնան Աւագ ուրբաթ օր` ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, ինչպէս նաեւ 2 ապրիլ 2018-ին` Ս. Զատկուան տօնին առիթով:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը բարեկարգումներ կը պարունակէ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ թուիթըրեան յայտարարութեան մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իրենց պատասխանատուութիւնն է, որ Լիբանանը ոտքի կանգնեցնեն իր ներուժով, բնական հարստութիւններով եւ իր կարողութիւններուն նկատմամբ իր վստահութիւնը վերահաստատելով: Ան նշեց, որ երիտասարդները Լիբանանի հսկայ դրամագլուխը կը կազմեն եւ փոփոխութեան իսկական զօրութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ 14 մարտը Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան զարկերակն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ 14 մարտ 2005-ի Մայրիներու յեղափոխութիւնը Լիբանանի պատմութիւնը խորհրդանշող կարեւոր ժամանակաշրջան մըն է, եւ անիկա Լիբանանը փոխադրած է նոր փուլ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք կը պայքարի քրիստոնեայ համայնքի միասնականութեան համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ցամաքային եւ հողային սահմանագծումի առումով Լիբանան Իսրայէլի դէմ նոր յաղթանակ մը արձանագրած է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութեան թեկնածուն առաջադրուող անձնաւորութիւնը չէ, այլ` Հըզպալլայի ծրագիրն ու անոր տեսլականը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ պէտք է պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը որդեգրել` յանգելու համար որոշ ըմբռնումի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Լիբանանի շահերը ապահովելու համար ոչ ոք լիբանանցիներէն աւելի կրնայ աշխատիլ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ եթէ Զիատ Իթանիի թղթածրարին շինծու ըլլալը երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք բացայայտուած ըլլար, ապա ան կը սպասէր յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականին:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ արգելափակեալներուն հարազատները երէկ նստացոյց մը կատարեցին ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի հին ճամբուն վրայ: Անոնք կարճ ժամանակով ճամբաները փակեցին` պահանջելով իրենց հարազատներուն ազատ արձակումը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Նապաթիէի վերեւ թռիչքներ կատարեց` ոտնձգութիւն գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ: