Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահը Եւ Նախագահեց Ֆրանսայի Նուիրուած Ս. Պատարագին

Ապրիլ 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախորդ շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորած է Ռայի պատրիարքը: «Ս. Յարութեան տօնին առիթով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն յարութիւն մաղթեցի` նկատի ունենալով, որ մեր ապրած կեանքը գրեթէ մեռելներու կեանքին կը նմանի», ըսաւ ան:

Ժահժահ աւելցուց սակայն, որ այս կացութեան մէջ դրականը այն է, որ իրենք իրենց կամքով կրնան յարութիւն ստանալ: Այս առումով Ժահժահ ակնարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն` դիտել տալով, որ ընտրութիւններուն միջոցով կարելի է դուրս գալ այս իրավիճակէն:

Ժահժահ նշեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Ժահժահ մաղթեց, որ լիբանանցիները  քուէարկեն այն թեկնածուներուն, որոնք կրնան լաւապէս ծառայել իրենց: Ս. Զատկուան տօնին առիթով Ժահժահ շնորհաւորեց նաեւ լիբանանցիները:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Ֆրանսայի նուիրուած Ս. պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը աղօթեց Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչութեան զոհ գացած անմեղ մարդոց հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ու պատասխանատուներուն` մէկտեղելու իրենց ջանքերը եւ շրջանային տագնապներուն քաղաքական լուծում ապահովելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պատերազմներն ու քանդումը կասեցնել եւ արդար, ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւնը երաշխաւորել:

 

Նախորդը

«Ահաբեկչական-Զինուորական Սպառնալիքը Վերջ Գտած Է, Սակայն Ապահովական Կայունութեան Դէմ Սպառնալիքները Առկայ Են» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարը

Յաջորդը

«Լիբանանը Եւ Սիւննի Համայնքը Թիրախ Դարձնելու Լուրջ Փորձեր Կան, Իսկ Փարիզի Խորհրդաժողովը Երկրին Պարտքը Պիտի Չաւելցնէ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?