Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանը Եւ Սիւննի Համայնքը Թիրախ Դարձնելու Լուրջ Փորձեր Կան, Իսկ Փարիզի Խորհրդաժողովը Երկրին Պարտքը Պիտի Չաւելցնէ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Ապրիլ 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի Մսայթպէի բնակարանը, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Սալամի բնակարանը կը բնորոշէ անկեղծութիւնն ու հաւատարմութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Սալամի հետ բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը կը շարունակուին` աւելցնելով, որ Սալամ մեծ զոհողութիւններ մատուցած է Հարիրի ընտանիքին:

Հարիրի ըսաւ, թէ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները նախկիններէն շատ աւելի տարբեր են` աւելցնելով, որ նախապէս ընտրացանկերը յաղթանակ կ՛արձանագրէին մեծամասնութեան քուէներով: «Այս ընտրութիւններուն կարելի չէ տունը մնալ եւ ընտրութիւններուն չմասնակցիլ, որովհետեւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի քուէն իր տեղն ու արժէքը ունի` ընտրութիւններուն անցման համեմատութիւնը ճշդելու առումով: Մենք կը փափաքինք, որ Պէյրութի մէջ ընտրութեան մասնակցողներուն համեմատութիւնը հասնի 75 առ հարիւրի», ըսաւ Հարիրի եւ Մսայթպէ հաւաքուած բազմութեան ըսաւ. «Դո՛ւք էք ընտրամեքենան, դո՛ւք էք հաւատարմութիւնը»:

Հարիրի նշեց նաեւ, որ Լիբանանը եւ սիւննի համայնքը թիրախ դարձնելու լուրջ փորձեր կան` նկատել տալով, որ իրենք իրենց վարուելակերպով կը պահպանեն սիւննի համայնքը:

Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ Փարիզի մէջ գումարուելիք «Սետր» խորհրդաժողովին` ընդգծելով, որ այդ խորհրդաժողովը երկրին պարտքը պիտի չաւելցնէ: «Փարիզի խորհրդաժողովին նպատակն է աշխատանքի առիթներ ստեղծել: Այդ խորհրդաժողովը պիտի կարենայ 900 հազար աշխատանքի առիթ ստեղծել», ըսաւ վարչապետ Հարիրի:

Իր կարգին, Սալամ կոչ ուղղեց Պէյրութի բնակիչներուն` իրենց նախընտրութեան քուէն շնորհելու Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրացանկին: Ան շեշտեց, որ ինք վարչապետ Հարիրիի հետ պիտի գործէ` պահպանելու համար երկրին իշխանութիւնը: «Հետեւաբար 6 մայիսին մեր որոշումը պէտք է ըլլայ միացեալ որոշում, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յաղթանակ արձանագրել», ըսաւ ան:

Սալամ աւելցուց նաեւ, որ իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ արձանագրուած բոլոր իրադարձութիւններուն ինք չէր կրնար տոկալ, եթէ Հարիրի իր կողքին չըլլար: «Մենք ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար պայքարեցանք եւ զայն արմատախիլ ըրինք Թրիփոլիէն եւ Արսալէն: Մենք հզօր ենք, երբ Հարիրիի կողքին ենք եւ անոր նեցուկը կը վայելենք», հաստատեց Սալամ:

Ճաշկերոյթ` Ի Պատիւ Վարչապետ Հարիրիի

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի այցելեց Ռաուշէի ճաշարաններէն մէկը, ուր Շաթիլա ընտանիքը ճաշկերոյթ մը կազմակերպած էր ի պատիւ իրեն` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի:

Ճաշկերոյթին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Հարիրի անհրաժեշտ նկատեց մեծ թիւով քուէարկութեան մասնակցիլը` ընդգծելով, որ համամասնական ընտրական օրէնքին պարագային բոլոր քաղաքացիներուն քուէները անհրաժեշտ են:

Իր կարգին, Մաշնուք յայտնեց, որ Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ 9 ընտրացանկերու գոյութիւնը կը միտի քուէները տարտղնել` մայրաքաղաքին դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկելու նպատակով:

Մաշնուք կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զգուշանալու եւ նման ծուղակի մը մէջ չիյնալու:

«Պէյրութի ընտրապայքարը տարբեր է, եւ ոչ ոք թող մտածէ, որ իրենց ձախողութիւնը կարելի կ՛ըլլայ օր մը օրանց վերադարձնել եւ կամ հատուցել», ըսաւ Մաշնուք եւ կոչ ուղղեց քուէարկելու ի նպաստ Հարիրիի գլխաւորած ընտրացանկին:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահը Եւ Նախագահեց Ֆրանսայի Նուիրուած Ս. Պատարագին

Յաջորդը

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Բոլոր Ընտրաշրջաններուն Մէջ Պիտի Զօրակցի Իր Դաշնակիցներուն» Հաստատեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?