Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց 2018-ի Պետական Ամավարկը

March 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան վաւերացուց 2018-ի պետական ամավարկը` 50 թեր, 2 դէմ եւ 11 ձեռնպահ քուէներով:

Խորհրդարանը որոշեց դատաւորներուն աշխատավարձի  երեք աստիճանի յաւելում շնորհել եւ դատական անձնակազմի արձակուրդը մէկուկէս ամսուան վերածել:

Խորհրդարանին որոշումով պետական աշխատանքի ժամերը վերածուեցան ընդհանուր 34 ժամի, որոնք պիտի ճշդուին կառավարութեան տնօրինումին համաձայն:

Նշենք, որ խորհրդարանը երէկ առաւօտեան եւ երեկոյեան գումարեց երկու նիստեր` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ առաւօտեան նիստին ընթացքին խորհրդարանին մէջ սրած բանավէճին պատճառով պահանջեց լիագումար նիստին ուղղակի սփռումը կասեցնել:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ իրեն համար դատական մարմինի գործադուլին լուրը ցաւալի է, որովհետեւ դատական իշխանութեան գործադուլ կը նշանակէ արդարութեան գործադուլ: «Հարցը աշխատավարձի յաւելումի աստիճաններու հարց չէ, այլ` հաւասարութեան եւ դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան», հաստատեց ան:

Նիստին աւարտին վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց պետական ամավարկի վաւերացումը` բարձր գնահատելով երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ անոր նախագահած ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կատարած աշխատանքը:

Հարիրի ընդգծեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումը նուաճում է` հաստատելով, որ կարեւորագոյնը կը մնայ բարեկարգումներու իրագործումը` քաղաքական համախոհութեան ներքեւ:

Հարիրի հերքեց բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանան սնանկացած երկիր է` շեշտելով, որ իրենք կարողութիւն ունին երկրին մէջ աճ արձանագրելու:

 

Նախորդը

«Էրպաս 380» Տիպի Աշխարհի Մեծագոյն Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

Յաջորդը

«Սնանկացումին Մասին Զգուշացման Ազդը Արձակեցի, Որպէսզի Բոլորը Իրենց Պատասխանատուութիւնները Ստանձնեն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.