Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ. «7 Մայիսը Անակնկալներով Հարուստ Պիտի Ըլլայ»

March 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի լրագրողներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ սկզբունքը կարեւոր բան է` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքին ընտրական դաշինքները սկզբունքի հիման վրայ գոյացած են եւ ոչ թէ շահերու:

«Ընտրական այս օրէնքը կրնայ մղել, որ եղբայրը եղբօր դանակոծէ: Այս օրէնքը եղած է նաեւ առիթ մը` բացայայտելու մարդոց տեսակը` զանոնք դասելով սկզբունքային թէ շահերու վրայ հիմնուած անձնաւորութիւններու միջեւ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք դաւադրութիւնը պիտի ըլլայ գերիշխող` աւելցնելով, որ կարգ մը թեկնածուներու նաեւ խոստացուած է նախարարութիւններ ստանձնել, «սակայն 7 մայիսը անակնկալներով հարուստ պիտի ըլլայ: Մենք կ՛աշխատինք, որ մեր առաջադրած բոլոր թեկնածուները յաղթանակ ապահովեն», շեշտեց Ֆրենժիէ:

Ան նշեց, որ հանրապետութեան հզօր նախագահը կը համախմբէ բոլոր լիբանանցիները, իսկ անոր կողմէ ընտրացանկերուն միջամտելը խիստ մերժելի է: «Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, որ Մարատայի դէմ ցեխարձակումներ կատարեց, յաջողեցաւ Ժամաա Իսլամիէի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ դաշինքներ կազմել, բան մը, որ չյաջողեցան կատարել քրիստոնէական այլ կուսակցութիւններ. եւ այս կուսակցութիւնն է, որ ինքզինք քրիստոնեաներուն ներկայացուցիչը հռչակած է», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կառչած կը մնայ Դիմադրութեան ուղեգիծին` աւելցնելով, որ ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ կը պատերազմին ոչ թէ Սուրիոյ տիրելու համար, այլ` շրջանին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ապահովելու, նաւթէն բաժին ստանալու եւ Սուրիոյ վերակառուցման մասնակցելու նպատակով:

Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու համար Լիբանանի կամ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին ապահովական կայունութիւնը կարեւոր չէ, այլ` Իսրայէլի ապահովութիւնը:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Շեշտեց Լիբանանի Կայունութեան Զօրակցելու Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

«Էրպաս 380» Տիպի Աշխարհի Մեծագոյն Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.