Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ութ կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ ամբողջութեամբ վաւերացուեցաւ:
Այս շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Գիտական հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի եւ պետական հիւանդանոցներու պաշտօնէութեան աշխատավարձերու բարձրացումին` նկատի ունենալով Պետական շուրայի եւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի դիտողութիւնները:
Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ Թրիփոլիի մէջ հաստատուելիք տնտեսական շրջանին վայրը` համաձայն գտնուելով շարունակել քննարկել Ապապետականացման գերագոյն խորհուրդին պաշտօնէութեան բացերը գոցելու կարելիութիւնը: