Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Լիբանան

March 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քրիսթոտուլիտես երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Քրիսթոտուլիտես վարչապետին հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Քրիսթոտուլիտես այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան-Կիպրոս-Յունաստան եռակողմանի զբօսաշրջական համաձայնագիրը գործադրելու հեռանկարները:

Պասիլ յայտնեց, որ Քրիսթոտուլիտեսի հետ քննարկած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը եւ Կիպրոսէն օժանդակութիւն խնդրած այս իմաստով` նկատի ունենալով, որ Կիպրոս եւրոպական երկիր է, եւ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը` ակնկալելով միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանան պիտի չընդունի այն պատճառաբանութիւնը, թէ Սուրիա ապակայուն երկիր է եւ կարելի չէ տեղահանուածներու տունդարձը ապահովել` աւելցնելով, որ Սուրիոյ շրջաններուն մեծ մասը ապահովական կայունութիւն կը վայելէ եւ տեղահանուածներու տունդարձը կարելի է:

Միւս կողմէ, Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան արտադրութիւնները եւրոպական շուկային մէջ վաճառուին, որպէսզի Լիբանանի տնտեսութիւնը կարենայ տոկալ եւ գոյատեւել:

Իր կարգին, Քրիսթոտուլիտես յայտնեց, որ Կիպրոս բարձր կը գնահատէ Լիբանանի կառավարութեան դերակատարութիւնը` յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու հիւրընկալութեան առումով, հակառակ երկրին դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն:

Քրիսթոտուլիտես նշեց, որ Կիպրոս իր մասնակցութիւնը բերած է «Հռոմ 2» Լիբանանի զինուորական օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովին եւ 15 միլիոն եւրոյի զինուորական կազմածներ ու սարքեր յատկացուցած լիբանանեան բանակին:

Ան աւելցուց, որ Կիպրոս պիտի մասնակցի նաեւ Փարիզի խորհրդաժողովին` փաստելու համար Լիբանանի կառավարութեան իր զօրակցութիւնը:

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանի Մէջ Ելեւմտական Տագնապ Չկայ, Իսկ Լիբանանեան Դրամատնային Մարզին Եւ Լիբանանեան Թղթոսկիի Արժէքին Գծով Մտահոգութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Գիտական Հետազօտութեանց Ազգային Խորհուրդի Անձնակազմի Աշխատավարձերը Բարձրացնելու

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.