Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Այսօր Կը Շարունակէ 2018-ի Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Իր Լիագումար Նիստը

Մարտ 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ կէսօրին սկսաւ իր երկօրեայ նիստերուն, որոնք յատկացուած են 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստին բացումը կատարելու ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանին եւ երեսփոխաններուն համար բաւական ծանր աշխատանք էր 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումը` նկատի ունենալով, որ անիկա ուշացաւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարան հասնելու, եւ զայն վաւերացնելու առումով մեր վրայ բանեցուած ճնշումը մեծ է` նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան յատուկ «Սետր 1» խորհրդաժողովին մօտալուտ կայացումը:

Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի ողջունեց ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի եւ անոր նախագահին, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի տիւ ու գիշեր աշխատանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամավարկը հասցնել խորհրդարանի լիագումար նիստ` անոր վաւերացումը ապահովելու նպատակով:

«Այս աշխատանքին համար Քանաան եւ իր յանձնախումբը կրնան «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրք մուտք գործել», յայտնեց Պըրրի:

Ապա խօսք առաւ Քանաան, որ ներկայացուց ամավարկին մասին իր յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրը` նշելով նաեւ ամավարկին մասին յանձնախումբին առաջարկած բարեկարգումները:

Քանաանի խօսքէն ետք մեծ թիւով երեսփոխաններ խօսք առին եւ քննարկեցին ամավարկը` ընդհանրապէս քննադատելով կառավարութիւնը, որուն ներկայութեան պատկերը թուային առումով խոցելի էր:

Առաւօտեան նիստը աւարտեցաւ ժամը 3:00-ին: Նիստը վերսկսաւ երեկոյեան ժամը 5:30-ին եւ աւարտեցաւ ժամը 9:15-ին:

Շուրջ տասը ժամ տեւած զոյգ նիստերուն ընթացքին խօսք առին 20 երեսփոխաններ եւ 2018-ի պետական ամավարկին մասին իրենց մեկնաբանութիւններն ու քննադատութիւնները յղեցին խորհրդարանին` ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբի տագնապի, նուազուրդներու, շրջաններու բարգաւաճման, ստեղծուած նիւթական բացին եւ շարք մը այլ հարցերու առումով:

Խորհրդարանի նիստը կը շարունակուի այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստը պիտի սկսի վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ երեսփոխաններուն արծարծած հարցերուն պատասխանով:

Նախորդը

Էսթոնիոյ Վարչապետը Նախագահ Աունին Յայտնեց Իր Երկրին Յանձնառութիւնը` Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումին

Յաջորդը

Թրամփ Նեցուկ Կը Կանգնի Թարխանեանի Ընտրապայքարին

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?