ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ արձանագրուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւնները: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ցամաքային, ծովային եւ օդային յարձակումները ոտնձգութիւն կը նկատուին նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ծովուժը Ռաս Նաքուրայի մօտերը խախտած է լիբանանեան ծովային սահմանները:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Կատի Այզընքոթ հաստատեց, որ այս տարուան ընթացքին Հըզպալլայի դէմ պիտի սանձազերծուի քանդիչ պատերազմ մը, որ պիտի երկարի Պէյրութէն մինչեւ հարաւային Լիբանան:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու սպառնալիքները երկչոտներու եւ անկարողներու յայտարարութիւններուն համազօր են:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան Լիբանանի գերիշխանութեան եւ բանակին, ինչպէս նաեւ կը փափաքին, որ զէնքի իրաւունքը միայն լիբանանեան բանակին վերապահուի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենց պլոքը 2018-ի պետական ամավարկին վաւերացման դէմ քուէարկած է, որովհետեւ ամավարկի քննարկման խորհրդարանի լիագումար նիստին իրենց ներկայացուցած դիտողութիւնները նկատի չեն առնուած:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենց դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները ընտրապայքարին մաս կը կազմեն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն իրենք կը պատասխանեն ճշմարիտ իրագործումներով: Ան աւելցուց, որ Դիմադրութեան դէմ ամբաստանութիւնները սնանկացած խօսքերու համազօր են: Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Կատի Այզընքոթի սպառնալիքներուն անդրադառնալով Սահիլի ըսաւ. «Դիմադրութիւնը միշտ պատրաստ է իսրայէլեան որեւէ անխոհեմ արարքի պատասխանելու»:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ ընտրական ներկայ օրէնքը այլանդակած է համամասնական դրութիւնը եւ անիկա կարիքը ունի էական ու հիմնական բարեկարգումի:
ՊԱԱՊՏԱՅԻ ընտրաշրջանի երեսփոխանական թեկնածու Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող գերագոյն խորհուրդը լայն իրաւասութիւններ ունի` ընտրական սխալները զսպելու առումով:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ ընտրաշրջանի երեսփոխանական թեկնածու Նաամէ Մահֆուզ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ժողովրդային տրամադրութիւնները սկսած են ի նպաստ Մուսթաքպալ հոսանքին թեքիլ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ սէուտական ընտրական գումարները չեն կրնար գնել քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը:


