Լիբանանեան

«Զբօսաշրջութեան Մարզին Համար 2018-ն  Պիտի Ըլլայ Լիբանանի Լաւագոյն Տարին»  Յայտարարեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Մարզին Համար 2018-ն Պիտի Ըլլայ Լիբանանի Լաւագոյն Տարին» Յայտարարեց Նախարար Կիտանեան

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն ներկայացուց նախարար Ռաէտ Խուրի, եւ նախաձեռնութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Վիզիթ Լեպանոն» ծրագիրի Բ. խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական եւ համաշխարհային 150 զբօսաշրջական ընկերութիւններ ու ճամբորդական գրասենեակներ: Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, զբօսաշրջութեան նախարարութեան...

Ժոմպլաթ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանի Մէջ  Կարգ Մը Անձնաւորութիւններու Կողմէ  Ամերիկեան Վարչակազմին Զօրակցելու Քայլերէն»

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Յանցագործները Ձերբակալելու

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ինք մեծապէս կը գնահատէ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ճիգն ու աշխատանքը` Շուէյֆաթի մէջ գործուած ոճիրին պատասխանատուները հետապնդելու եւ յանցագործները պատժելու իմաստով: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք կը դատապարտէ Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեան վերաբերող որեւէ սադրանք, ո՛վ որ ալ ըլլայ սադրիչ կողմը: Ան մաղթեց, որ Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեան բոլոր մեղսակիցները ձերբակալուին: Միւս...

Ժահժահ. «Լիբանանեան  Ուժերու Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչեցինք Հզօր  Հանրապետութիւն Համախմբում»

Ժահժահ. «Լիբանանեան Ուժերու Երեսփոխանական Պլոքը Կոչեցինք Հզօր Հանրապետութիւն Համախմբում»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ նախագահեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններուն առաջին նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Լիբանան կառչած կրնայ մնալ միայն «Ժողովուրդ, պետութիւն, բանակ» տարազին: Ժահժահ նշեց, որ նիստին ընթացքին որոշուեցաւ Լիբանանեան ուժերու երեսփոխանական պլոքը կոչել Հզօր հանրապետութիւն համախմբում, որուն ընդհանուր քարտուղարն է երեսփոխան Ֆատի Քարամ: Ժահժահ յայտնեց համախմբումը պիտի պահպանէ Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը` աւելցնելով, որ...

Ասմար. «Երեսփոխանները Կը Գտնուին Իրենց  Խոստումները Յարգելու Քննութեան Դիմաց»

Ասմար. «Երեսփոխանները Կը Գտնուին Իրենց Խոստումները Յարգելու Քննութեան Դիմաց»

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ «երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումէն եւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն յստակացումէն ետք, նորընտիր երեսփոխաններուն կը յիշեցնենք, որ լաւ հետեւած ենք իւրաքանչիւրին ծրագիրներուն եւ արտասանած ճառերուն, որոնք բազմաթիւ խոստումներ կը պարունակէին»: Ասմար շեշտեց, որ երեսփոխանները կը գտնուին փտածութեան դէմ պայքարի, վարչական, քաղաքական եւ ելեւմտական բարեկարգումի, աշխատավարձի յաւելումներու, աշխատանքի առիթներ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզերուն զօրակցելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ ըսաւ, թէ ժողովուրդին կողմէ կատարուած քուէարկութիւնը յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը պարտադրէ իրենց վրայ` աւելցնելով, որ քուէարկող քաղաքացիները իրենց շնորհած վստահութեան չափ եւ անկէ աւելի ալ հաշուետուութեան կը կանչեն: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ իրենք պիտի ուղղուին կազմելու քաղաքական պլոք մը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահի իրենց թեկնածուն Նեպիհ Պըրրին է: ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Պայան» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը նախատեսուի...

Շուէյֆաթի Մէջ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած`  Ապու Ֆարաժը Սպաննող Յանցագործը  Ապահովութեան Ուժերուն Չյանձնելու Պատճառով

Շուէյֆաթի Մէջ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած` Ապու Ֆարաժը Սպաննող Յանցագործը Ապահովութեան Ուժերուն Չյանձնելու Պատճառով

Շուէյֆաթի մէջ զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուած զոհին` Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեամբ մեղադրուած յանցագործը` Ամին Սուքի, տակաւին չէ յանձնուած ապահովութեան ուժերուն: Ալա Ապու Ֆարաժի ընտանիքը որոշած է իր հարազատին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը առկախել` մինչեւ Սուքիի յանձնումը: Շուէյֆաթի կրօնաւորներն ու հեղինակութիւնները երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանէն պահանջեցին յանձնել ապահովական իր պատասխանատուն` Ամին Սուքին: Հաղորդագրութեան...

Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք.   Քաղաքական Ուժերն Ու Երեսփոխանները  Կը Պատրաստուին Նշելու Իրենց Յաղթանակը  Եւ Շնորհակալութիւն Յայտնելու Լիբանանցիներուն

Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք. Քաղաքական Ուժերն Ու Երեսփոխանները Կը Պատրաստուին Նշելու Իրենց Յաղթանակը Եւ Շնորհակալութիւն Յայտնելու Լիբանանցիներուն

Երեսփոխանական ընտրութիւններու աւարտին քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը կը գտնուին իրենց յաղթանակը նշելու եւ իրենց ընտրազանգուածներուն շնորհակալութիւն յայտնելու նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ: Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր հետեւորդներն ու համակիրները հրաւիրեց յաղթանակի փառատօնի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ողջունեց լիբանանեան խորհրդարանին մէջ...

Զօր. Աուն Նախագահեց Լիբանանեան Բանակին  Մատուցուելիք Ամերիկեան-Բրիտանական  Օժանդակութիւններու Ծրագիրին

Զօր. Աուն Նախագահեց Լիբանանեան Բանակին Մատուցուելիք Ամերիկեան-Բրիտանական Օժանդակութիւններու Ծրագիրին

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը եւ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ամերիկեան ու բրիտանական բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն նախագահեց լիբանանեան բանակին մատուցուելիք ամերիկեան-բրիտանական օժանդակութիւններու ծրագիրին վերաբերող նիստին: Ներկայ գտնուեցան նաեւ դեսպաններ Ռիչըրտ եւ Շորթըր: Նիստին...

Հըզպալլա Կը Հաստատէ, Որ Պէյրութի  Փողոցներուն Մէջ  Արձանագրուած Երթերուն Եւ Արձակուած  Նախատինքներուն Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի

Հըզպալլա Կը Հաստատէ, Որ Պէյրութի Փողոցներուն Մէջ Արձանագրուած Երթերուն Եւ Արձակուած Նախատինքներուն Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի

Երէկ Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Հըզպալլա ոչ մէկ կապ ունի Պէյրութի փողոցներուն մէջ կատարուած ինքնաշարժներու կամ մոթորսիքլեթներու երթերուն հետ, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի փողոցներուն մէջ արձակուած նախատինքներուն հետ: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Հըզպալլա կը հաստատէ խորհրդարանի նախագահին կեցուածքը, թէ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան այդ երթերուն եւ խուլիկանութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին: «Այս իմաստով թէ՛...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Լիբանանի  Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն  Գործակցութեան Նոր Էջ Մը Բանալու

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Գործակցութեան Նոր Էջ Մը Բանալու

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանեան խորհրդարանի նոր կազմը` մաղթելով, որ նորընտիր երեսփոխանները երկրին եւ ժողովուրդին նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերուն` գործակցութեան նոր էջ մը բանալու, նպատակ ունենալով Լիբանանի փրկութիւնը: Ռայի պատրիարքը դրուատեց նաեւ ապահովական պաշտօնական կառոյցներուն ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ հանդարտ ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ կայացնել երեսփոխանական ընտրութիւնները` հիմնուելով համամասնական...

նախագահ աունի ուղերձը լիբանանցիներուն.  «ձեր քուէարկութեան շնորհիւ փաստուեցաւ,  որ ընտրական օրէնքը ճշգրիտ  ներկայացուցչութիւն ապահոված է»

նախագահ աունի ուղերձը լիբանանցիներուն. «ձեր քուէարկութեան շնորհիւ փաստուեցաւ, որ ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահոված է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն հանդէս եկաւ պատկերասփռուած ճառով մը: Լիբանանի մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով նախագահ Աուն լիբանանցիներուն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ շնորհաւորեց բոլորը` համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնքով ընտրութիւններ կատարելու առիթով: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն քուէարկութեան շնորհիւ փաստուեցաւ, որ ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահոված է: Նախագահ Աուն...

Հզօր Լիբանանի Համախմբումի Նիստ.   «Մենք Ենք Հանրապետութեան Նախագահին  Եւ Իշխանութեան Հիմնական Յենարանը»   Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանանի Համախմբումի Նիստ. «Մենք Ենք Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Իշխանութեան Հիմնական Յենարանը» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանանի համախմբումը երէկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Սին Էլ Ֆիլի կեդրոնին մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ նորընտիր երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի ու Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ համախմբումին մաս կազմող այլ երեսփոխաններու: Համախմբումի նիստին նախագահեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ: Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ոչ ոք անդրադարձած...

Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք  Լարուածութիւնը Կը Յամենայ.   Շուէյֆաթի Մէջ Զինեալ Բախումները  Կը Պատճառեն Զոհ Մը

Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք Լարուածութիւնը Կը Յամենայ. Շուէյֆաթի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհ Մը

Նախանցեալ օր մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ արձանագրուած լարուածութեան եւ քաոսի մթնոլորտէն ետք, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Շուէյֆաթի մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին զոհ մը: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը գիշերուան ժամը 10:00-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Շուէյֆաթի մէջ քաղաքացիներուն միջեւ ծագած հարց մը վերածուած է զինեալ բախումի, որուն պատճառով զոհուած է լիբանանցի քաղաքացի մը` Ալա Ապու Ֆարաժ: Հաղորդագրութեան մէջ...

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Արդիւնքներուն Համաձայն, Խորհրդարանին Մէջ  Յեղաշրջում Մը Չէ Կատարուած»

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Արդիւնքներուն Համաձայն, Խորհրդարանին Մէջ Յեղաշրջում Մը Չէ Կատարուած»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ շարունակեց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ: Պըրրիի բնակարանը ողողուեցաւ այցելուներու հոծ բազմութեամբ, ինչպէս նաեւ ան շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւորականներու կողմէ: Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, խորհրդարանին մէջ յեղաշրջում մը չէ կատարուած:...

Նուհատ Մաշնուք Յայտարարեց Ընտրուած  Խորհրդարանի Նոր Պատկերը`  Բացի Աքքարի Ընտրաշրջանէն

Նուհատ Մաշնուք Յայտարարեց Ընտրուած Խորհրդարանի Նոր Պատկերը` Բացի Աքքարի Ընտրաշրջանէն

Ընտրական նոր օրէնքին հիման վրայ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները արդէն իսկ յստակ են եւ բաւական հետաքրքրական: Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ գործնականօրէն կարելի է ըսել, թէ երկիրը մուտք գործած է քաղաքական նոր փուլ, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուած են նուազագոյն սխալներով: Ան ըսաւ, թէ ներքին գործոց...

Մայրաքաղաք Պէյրութի  Անդորրը Խախտող Արարքներ

Մայրաքաղաք Պէյրութի Անդորրը Խախտող Արարքներ

Երէկ գիշեր Սեն Ժորժ շրջանին մէջ անծանօթ տղաք կուսակցական պատկանելիութիւն դրսեւորող դրօշակներ զետեղեցին հոն գտնուող նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յուշարձանին վրայ: Իրենց մոթորսիքլեթներով յուշարձանին մօտենալէ ու դրօշակը զետեղելէ ետք, անոնք ուղղուեցան Այշա Պաքքար, ուր վնաս հասցուցին կարգ մը ինքնաշարժներու եւ օդին մէջ կրակեցին: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս միջամտեց` հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը: Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց, որ վարչապետը...

Լիբանանի Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն  Անդրադարձը Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Լիբանանի Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Անդրադարձը Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Լիբանանի քաղաքական ուժերու ղեկավարները երէկ անդրադարձան 6 մայիսին երկրին մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք ուղղակի եւ անուղղակի կերպով անդրադարձան ընտրական օրէնքին, իրենց քաղաքականութեան եւ դաշնակիցներուն: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, երէկ իր խօսքը ուղղելով հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձանի բնակիչներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եւ շեշտեց, որ անոնք աշխատեցան իբրեւ մէկ սիրտ ու մէկ հոգի` երեսփոխանական ընտրութիւններուն...

Շնորհակալութիւն Լիբանանահայութեան.   Հայկական Ընտրազանգուածը Փաստեց Իր Ուժը.   ՀՅԴ-ի Առաջադրած Չորս Թեկնածուներէն Երեքը`  Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան  Եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան Երեսփոխան Ընտրուեցան

Շնորհակալութիւն Լիբանանահայութեան. Հայկական Ընտրազանգուածը Փաստեց Իր Ուժը. ՀՅԴ-ի Առաջադրած Չորս Թեկնածուներէն Երեքը` Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան Եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան Երեսփոխան Ընտրուեցան

6 մայիսը իբրեւ սովորական թուական պիտի չնշուի ընդհանրապէս լիբանանեան, յատկապէս լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ, որովհետեւ տասնամեակի մօտեցող սպասումէ ետք այդ օրը լիբանանցի քաղաքացիները կարելիութիւն ունեցան ընտրելու երեսփոխանական թեկնածուներ, որոնք իրենց ներկայացուցիչները պիտի ըլլան խորհրդարանին մէջ: Այս ընտրութիւններուն, բնականաբար, հայութիւնը եւս բերաւ իր աշխուժ եւ տիրական մասնակցութիւնը, որովհետեւ լիբանանահայութեան իսկական եւ արժանաւոր ներկայացուցչութեան խնդիր գոյութիւն ունէր: ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած էին չորս թեկնածուներ`...

Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ծաղկեպսակ Մը Զետեղեց Նահատակաց Յուշարձանին

Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ծաղկեպսակ Մը Զետեղեց Նահատակաց Յուշարձանին

Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով, այսօր՝ 5 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի ըներկերներ, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին ուղղուեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ։ Երեսփոխան Բագրատունի եւ թեկնածուներ Յ. Թերզեան, Ս. Չուխատարեան եւ Ա. Մաթոսեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անունով ծաղկեպսակ մը...

Ժտէյտէի Մէջ.   «Մեթնի Հզօր Ընտրացանկ»-ի Թեկնածուներու  Բազմամարդ Ընտրական Միթինկին Ընթացքին Շեշտուեցաւ  Հզօր Լիբանան Մը Կերտելու  Հրամայականին Կարեւորութիւնը

Ժտէյտէի Մէջ. «Մեթնի Հզօր Ընտրացանկ»-ի Թեկնածուներու Բազմամարդ Ընտրական Միթինկին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Հզօր Լիբանան Մը Կերտելու Հրամայականին Կարեւորութիւնը

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ժտէյտէի մէջ տեղի ունեցաւ Մեթնի ընտրաշրջանի ընտրական միթինկը, որուն ներկայ գտնուեցան «Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Ղասսան Մուխայպեր, Էլիաս Ապու Սաապ, Էտկար Մաալուֆ, Քորին Աշքար, Սարգիս Սարգիս եւ Ղասսան Աշքար, ինչպէս նաեւ միթինկի հովանաւոր` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին...

Page 652 of 987 1 … 651 652 653 … 987

Արխիւներ