Նայիմ Քասեմ. «Արաբական Կարգ Մը Երկիրներ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Փորձեցին Դիմադրութեան Թեկնածուները Ձախողեցնել»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ քաղաքականութիւնը հիմնուած է բռնարարքներու, անարդարութեան եւ իրաւազրկումի վրայ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի համար պաղեստինցիներուն սպանութիւնը արդար է, իսկ հրեաներուն բնակեցումը` փայլուն ծրագիր: Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին կողմէ իր հողին կառչածութիւնը, անձնատուր ըլլալու գաղափարին մերժումը եւ դիմադրելու իր բացառիկ կարողութիւնը վերակենդանացուցած են Պաղեստինեան հարցը: Շէյխ Քասեմ շեշտեց,...




















