Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

նախագահ աունի ուղերձը լիբանանցիներուն. «ձեր քուէարկութեան շնորհիւ փաստուեցաւ, որ ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահոված է»

May 9, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն հանդէս եկաւ պատկերասփռուած ճառով մը:

Լիբանանի մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն առիթով նախագահ Աուն լիբանանցիներուն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ շնորհաւորեց բոլորը` համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնքով ընտրութիւններ կատարելու առիթով:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն քուէարկութեան շնորհիւ փաստուեցաւ, որ ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահոված է:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ընդմէջէն Լիբանան վերահաստատած է իր ժողովրդավարական վարչակարգը, ինչպէս նաեւ ապացուցած է, որ ինք կը մնայ համերաշխութեան, ազգային միասնականութեան, ազգային գոյակցութեան եւ պատգամի երկիր:

Իր խօսքը ուղղելով ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը մերժող քաղաքացիներուն` նախագահ Աուն յայտնեց, որ քուէարկութեան չուղղուելով դուք կեցուածք արտայայտած էք եւ անիկա ձեր արդար իրաւունքն է: «Պէտք է իմանաք, որ ձեր ուղղած պատգամը հասկցանք», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց նաեւ նորընտիր խորհրդարանին անդամները, որոնք արժանացան քաղաքացիներուն վստահութեան քուէին:

Ան մեծապէս գնահատեց Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը:

«Քուէատուփերուն արդիւնքները ձեր կամքը կ՛արտայայտեն, եւ այսպիսով Լիբանան իր քաղաքական պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բանայ` լարուածութեան եւ ելեկտրականացած մթնոլորտի վտանգաւոր փուլէ մը ետք», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան մաղթեց, որ 20 մայիս 2018-ին իր նստաշրջանը պաշտօնապէս սկսող նորընտիր խորհրդարանը քննարկէ երկրին տնտեսութեան բարգաւաճման վերաբերող ծրագիրները, պայքարի փտածութեան դէմ, իրականացնէ ընկերային արդարութիւն, ինչպէս նաեւ ամբողջացնէ դիւանագիտական եւ դատական կառոյցներուն մէջ կատարուելիք նշանակումները:

Նախորդը

Հզօր Լիբանանի Համախմբումի Նիստ. «Մենք Ենք Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Իշխանութեան Հիմնական Յենարանը» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.