Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանանի Համախմբումի Նիստ. «Մենք Ենք Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Իշխանութեան Հիմնական Յենարանը» Շեշտեց Պասիլ

May 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանանի համախմբումը երէկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Սին Էլ Ֆիլի կեդրոնին մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ նորընտիր երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի ու Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ համախմբումին մաս կազմող այլ երեսփոխաններու:

Համախմբումի նիստին նախագահեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ոչ ոք անդրադարձած է մօտիկ անցեալին, այլ` քննարկուած են ապագայ ծրագիրները: «Մենք ենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ իշխանութեան հիմնական յենարանը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի գործադրեն նախագահին երդումը եւ իրենց ընտրական ծրագիրը:

Պասիլ հաստատեց, որ ճիգ պիտի չխնայեն լիբանանեան տարբեր շրջաններու բարգաւաճման համար` աւելցնելով, որ իրենք ներկայ են 15 գաւառներու մէջ եւ դարձած են խորհրդարանի մեծագոյն համախմբումը, «եւ իբրեւ այդպիսին` յաւելեալ բեռ ունինք մեր ուսերուն», աւելցուց ան:

Պասիլ նշեց, որ իրենք դռնփակ նիստ մը պիտի գումարեն` մշակելու համար քաղաքական եւ տեղեկատուական իրենց յաջորդ ռազմավարութիւններն ու ծրագիրները:

Ան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր հետեւորդներն ու համակիրները կը հրաւիրէ յաղթանակի փառատօնի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պաապտայի մէջ` նախագահական պալատի մուտքին, շաբաթ, 12 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Պասիլ շեշտեց, որ քաղաքական նպատակով մսխուած գումարները քաղաքական ոճիր կը նկատուին` հաստատելով, որ կառավարութիւնը կազմելու համար պէտք է կառչած մնալ Լիբանանի Ազգային ուխտին: Ան նշեց, որ իր կարծիքով, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներու չգոյութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի կառավարութիւնը հեզասահութեամբ կազմելու հոլովոյթը:

Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Արսլանի հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշինքը զուտ ընտրական դաշինք չէ, այլ` քաղաքական դաշինք, որ Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւնը պահելու եւ գաղթականներու տունդարձը ապահովելու երաշխիք է:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք պիտի զօրակցին իշխանութեան եւ նեցուկ պիտի կանգնին Լեռնալիբանանին, ինչպէս նաեւ տիւրզի եւ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներուն վերատիրացման:

Պասիլ հաստատեց, որ իրենց համար Լեռնալիբանանի բարգաւաճումը կարեւոր է:

Պասիլ նաեւ շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի տիւրզիական շրջաններուն մէջ իրենց դաշինքը կրցած է չորս երեսփոխան յաջողցնել` առանց սակայն Մուխթարան քանդելու: «Մուխթարան փուլ չի գար, եւ մենք բոլորս իրարմով կը հզօրանանք», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Արսլան ընդգծեց, որ Լեռնալիբանանի բնակիչներուն ճակատագիրը համերաշխութեամբ ապրիլ է` աւելցնելով, որ իրենք ոչ ոք ջնջելու միտումներ ունին:

Նախորդը

Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք Լարուածութիւնը Կը Յամենայ. Շուէյֆաթի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհ Մը

Յաջորդը

նախագահ աունի ուղերձը լիբանանցիներուն. «ձեր քուէարկութեան շնորհիւ փաստուեցաւ, որ ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահոված է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.