Երեսփոխանական ընտրութիւններու աւարտին քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը կը գտնուին իրենց յաղթանակը նշելու եւ իրենց ընտրազանգուածներուն շնորհակալութիւն յայտնելու նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր հետեւորդներն ու համակիրները հրաւիրեց յաղթանակի փառատօնի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ, ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ողջունեց լիբանանեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուած իգական սեռի 6 ներկայացուցիչները եւ շնորհաւորեց Մուսթաքպալ հոսանքը, որ կրցած է ապահովել 3 կին թեկնածուներու յաղթանակը:
Հարիրի շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ պաշտպանել կիներուն իրաւունքը եւ պիտի զօրակցի, որ քաղաքական կեանքին մէջ անոնք արդարօրէն ներկայացուին:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ իշխելը կարելի է միայն քաղաքական համագործակցութեամբ:
Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարա շնորհակալութիւն յայտնեց Թրիփոլիի բնակիչներուն, որոնք վերահաստատեցին իր նկատմամբ իրենց վստահութիւնը: «Թրիփոլին եղած է ու կը մնայ հաւատարիմներու իսկական հասցէն», հաստատեց ան:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ շնորհակալական խօսքերը անբաւարար են բոլոր անոնց, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ Սատըրի, Պըրրիի եւ Դիմադրութեան ուղեգիծին:
Նորընտիր երեսփոխան Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ ինք պիտի զօրակցի երկրին իշխանութեան, որովհետեւ առանց հանրապետութեան հզօր նախագահի` կարելի չէ հզօր պետութիւն կերտել եւ երկրին իշխանութիւնը հաւասարակշռել:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որոնց այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Լիբանանեան ուժերը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին անոնց արձանագրած յաջողութեան համար:
Նախկին երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շնորհաւորեց Մեթնի մէջ յաջողութիւն արձանագրած երեսփոխանները` հաստատելով, որ թէեւ ինք խորհրդարանէն դուրս եկած է, սակայն ոչ հանրային կեանքէն, ուր պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնները մատուցել:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ պէյրութցիները իրենց խօսքը ըսին քուէատուփերուն մէջ եւ կազմեցին խորհրդարան մը, որ կ՛ընդգրկէ քաղաքական գերզգայնութիւններ ունեցող բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Ան մաղթեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին բազմազանութիւնը խորհրդարանին մէջ աշխուժութիւն ստեղծէ` վերահսկողութեան եւ օրէնսդրական աշխատանքի առումով:
Նասըրական շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ ողջունեց ի նպաստ իրեն քուէարկողները եւ ըսաւ. «Մեզի շնորհած ձեր վստահութիւնը անգին է եւ կը պարտադրէ, որ մեծ պատասխանատուութեամբ ստանձնենք մեր աշխատանքները` հզօրացնելով պայքարի ոգին»:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի հաստատեց, որ իրենք Սայտայի մէջ իրագործուած նուաճումները պահպանելու իմաստով հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին:
Երեսփոխան Մուսթաֆա Ալի Հիւսէյն հաստատեց, որ իր գործունէութեան առանցը պիտի կազմէ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցութիւնը` ապահովելու համար Աքքարի շահերը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Ամալ շարժումին հետ Հըզպալլայի դաշինքը եղաւ այն ժայռը, ուր բախեցան եւ կոտրուեցան բոլոր դաւադրութիւնները:
Երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենց համար երկրին տնտեսական տագնապին լուծումը պիտի դառնայ առաջնահերթութիւն:
Երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Հզօր Լիբանանի համախմբումը ամբողջ Լիբանանի տարածքին ներկայութիւն դարձած է` հաստատելով, որ վարչապետի պաշտօնին համար հաստատ թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:
Երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ իրենք մեծ յոյս ունին, որ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ տնտեսական թղթածրարներուն կապուած լուրջ յաջողութիւններ պիտի ապահովեն:
Երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս հաստատեց, որ տնտեսական հարցերուն բարելաւումը կարիքը ունի այնպիսի իշխանութեան մը, որ տնտեսական առումով որոշումներ կու տայ:
Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն Պէյրութի մէջ ապօրինի կերպով բարձրացած բոլոր պաստառներն ու դրօշակները 72 ժամուան ընթացքին պէտք է վերացուին:
Միւս կողմէ, Մաշնուք մոթորսիքլեթ վարելը արգիլող հրամանագիրը երկարաձգեց մինչեւ երկուշաբթի, 14 մայիս 2018-ի առաւօտեան:
Օտար Պետութիւններ Կը Շնորհաւորեն Լիբանանը
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը շնորհաւորեց լիբանանցիները երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առիթով: Դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ինը տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը ողջունելի է:
Հաղորդագրութեան մէջ գնահատուեցան լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը, որպէսզի լիբանանցիները անվտանգ ուղղուին քուէարկութեան:
Ամերիկեան դեսպանատունը մաղթեց, որ մինչեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը Լիբանան յանձնառու մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին:
Հաղորդագրութեան մէջ ամերիկեան դեսպանատունը յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շարունակէ կայուն եւ ապահով երկիր մը կառուցել` յանձնառու մնալով խաղաղութեան եւ լիբանանցիներու կարիքներուն գոհացումին:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի շնորհաւորեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հըզպալլայի արձանագրած յաղթանակը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը` մաղթելով, որ անիկա իր ներդրումը ունենայ Լիբանանի կայունութիւնն ու անդորրը պահպանելու մէջ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց Լիբանանի նկատմամբ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը անմիջապէս կարելի կ՛ըլլայ կազմել:



