Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք Լարուածութիւնը Կը Յամենայ. Շուէյֆաթի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհ Մը

May 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ արձանագրուած լարուածութեան եւ քաոսի մթնոլորտէն ետք, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Շուէյֆաթի մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին զոհ մը:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը գիշերուան ժամը 10:00-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Շուէյֆաթի մէջ քաղաքացիներուն միջեւ ծագած հարց մը վերածուած է զինեալ բախումի, որուն պատճառով զոհուած է լիբանանցի քաղաքացի մը` Ալա Ապու Ֆարաժ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը անմիջապէս հասած է դէպքին վայրը եւ շրջափակած զայն` հակակշռելու համար կացութիւնը եւ վերահաստատելու համար երկրին ապահովութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը կը հետապնդէ կրակ բացող յանցագործները` զանոնք ձերբակալելու եւ դատական համապատասխան իշխանութիւններուն յանձնելու նպատակով:

Նշենք, որ բախումները արձանագրուեցան Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետեւորդներուն միջեւ, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպի կողմէ երեսփոխան Թալալ Արսլանին դէմ սպրդեցուած տեսանիւթի մը պատճառով: Բախումներուն ընթացքին լսուեցան նաեւ նռնականետերու պայթիւններ:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իսկոյն իրենց հետեւորդներէն պահանջեցին  ինքնազսպումի ենթարկուիլ եւ պահպանել Շուէյֆաթի անդորրը:

Աւելի ուշ անոնք հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեցին իրենց բոլոր հետեւորդներուն վերջ տալու բախումներուն եւ ինքնազսպումի ենթարկուելու, որպէսզի անծանօթ ձեռքեր առիթը չարաշահելով յաւելեալ աւերներ չգործեն:

Արսլան եւ Ժոմպլաթ ապահովական կառոյցներէն պահանջեցին միջամտել եւ կասեցնել բախումները: Անոնք շեշտեցին, որ ընտրութիւններուն էջը փակուած է, եւ իրենք յանձնառու են Լեռնալիբանանի անվտանգութիւնը պահպանելու, նոյնիսկ եթէ հոն կը տիրեն քաղաքական տարբեր կեցուածքներ:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան իր կարգին կոչ ուղղեց հանդարտելու եւ վերջ տալու բախումներուն: Ան ընդգծեց, որ ոչ ոքի պէտք է առիթ տալ, որ Լեռնալիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստէ: «Պէտք է ըլլալ զգաստ, խոհեմ եւ իմաստուն», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ տիւրզիներուն արիւնը Ժոմպլաթի եւ Արսլանի սեփականութիւնը չի նկատուիր: Ան շեշտեց, որ Արսլան պէտք է յանցագործը յանձնէ ապահովութեան ուժերուն, որպէսզի սադրանքներուն դուռը փակէ:

Ուահապ շեշտեց, որ տիւրզի համայնքին զաւակներուն միջեւ սպանութիւնը արգիլուած է` աւելցնելով, որ մարդոց արիւնը սուղ է:

Ուշ գիշերին ի յայտ եկաւ, որ Ալա Ապու Ֆարաժը սպաննողը Թալալ Արսլանի ապահովական հարցերու պատասխանատուն է:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Շուէյֆաթի բախումները հրահրած յանցագործներ Սալահ Սաապ եւ Ռաէտ Սաապ յանձնուած են ապահովութեան ուժերուն` հաստատելով, որ Ալա Ապու Ֆարաժը սպաննող ոճրագործը պէտք է անպայման յանձնել ապահովութեան ուժերուն:

Լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութեան ուժեր հաստատեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ ստանձնած են բախումներուն մասնակցած երիտասարդներ:

Իր կարգին, Արսլան շեշտեց, որ Ալա Ապու Ֆարաժի կորուստը ամբողջ Շուէյֆաթի կորուստն է: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց Շուէյֆաթի բնակչութեան պահպանելու շրջանին կայունութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` փաստելու համար ճշմարտութիւնը: Ան հաստատեց, որ ոչ մէկ յանցագործ պիտի պաշտպանէ:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Արդիւնքներուն Համաձայն, Խորհրդարանին Մէջ Յեղաշրջում Մը Չէ Կատարուած»

Յաջորդը

Հզօր Լիբանանի Համախմբումի Նիստ. «Մենք Ենք Հանրապետութեան Նախագահին Եւ Իշխանութեան Հիմնական Յենարանը» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.