Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ինք մեծապէս կը գնահատէ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ճիգն ու աշխատանքը` Շուէյֆաթի մէջ գործուած ոճիրին պատասխանատուները հետապնդելու եւ յանցագործները պատժելու իմաստով:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք կը դատապարտէ Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեան վերաբերող որեւէ սադրանք, ո՛վ որ ալ ըլլայ սադրիչ կողմը:
Ան մաղթեց, որ Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեան բոլոր մեղսակիցները ձերբակալուին:
Միւս կողմէ, բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեան մեղսակից երկու այլ անհատներ` Հատի Ժըրտի եւ Ուաէլ Ապու Տըրղամ, նոյնպէս ձերբակալած է:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ այս իմաստով հետաքննութիւն բացուած է: