Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Անդրադարձը Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Մայիս 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի քաղաքական ուժերու ղեկավարները երէկ անդրադարձան 6 մայիսին երկրին մէջ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք ուղղակի եւ անուղղակի կերպով անդրադարձան ընտրական օրէնքին, իրենց քաղաքականութեան եւ դաշնակիցներուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, երէկ իր խօսքը ուղղելով հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձանի բնակիչներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եւ շեշտեց, որ անոնք աշխատեցան իբրեւ մէկ սիրտ ու մէկ հոգի` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Պըրրի շեշտեց, որ իշխանութիւնը իշխանութիւն է, եւ պիտի գործեն իրականացնելու համար Լիբանանի նոր արշալոյսը:

Ան հաստատեց, որ գործադրուած ընտրական նոր օրէնքին բերմամբ` ազգային միասնականութիւնը կը նկատուի ընտրական իսկական անցման համեմատութիւնը:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք անձամբ դասեր սորված է ընտրական նոր օրէնքէն, որուն հիման վրայ մարոնին կոչ կ՛ուղղէ մարոնիին ի նպաստ իրեն քուէարկելու, նոյնպէս շիին` շիիին: «Աշխարհը նման օրէնք մը հաստատ կերպով կը մերժէ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով ամէնէն արագ միջոցին կազմելու նոր կառավարութիւնը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, Մուսթաքպալ պլոքը կը բաղկանայ 21 երեսփոխաններէ:

Ան հաստատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր դաշինքին մէջ մնալու յանձնառութիւնը:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ խորհրդարանի ներկայ կազմը Դիմադրութեան համար հսկայ ուժ եւ երաշխիք կը նկատուի:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կը նկատուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ իշխանութեան նուաճումը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ 7 մայիս 2005-ը կը խորհրդանշէ զօր. Միշել Աունի Լիբանան վերադարձի թուականը, որ կարելի է կոչել հայրենիքին հայրենիք վերադարձը, «իսկ 7 մայիս 2018-ն վերածուեցաւ դէպի հզօր պետութիւն Լիբանանի վերադարձին»:

Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք  կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը կը հաշուէ 29-30 անդամ, հետեւաբար անիկա խորհրդարանին մեծագոյն պլոքն է:

Պասիլ նշեց նաեւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը վերանուանուեցաւ Հզօր Լիբանանի համախմբում, որուն աշխատանքը պիտի ըլլայ փոփոխութիւնն ու բարեկարգումը:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած են` աւելցնելով, որ ինք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլորին:

Միքաթի նշեց նաեւ, որ ինք վարչապետի պաշտօնի թեկնածու է:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ Մարատա հոսանքին եւ իրենց վստահութիւնը շնորհեցին իր ղեկավարած քաղաքական շարժումի թեկնածուներուն: Ֆրենժիէ շեշտեց, որ անոնց սէրը երաշխիք է Մարատայի գոյութեան, իսկ վստահութիւնը ուժ կը ներշնչէ Մարատային:

Երեսփոխան Միշել Մըր իր կարգին ողջունեց այն լիբանանցիները, որոնք իրենց քուէներով հաստատեցին, որ կը փափաքին փտած իշխանութիւնը փոփոխութեան ենթարկել:

Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն հաստատեց, որ իրենք ձախողած են երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ ինք ձախողութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ, եւ անհրաժեշտ կը նկատէ բացայայտել այդ պարտութեան տուն տուող պատճառները:

ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի պետական հաստատութիւններն ու երկրին ներքին կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով կարեւոր քայլ մըն է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Մոսկուա պիտի զօրակցի Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումին:

 

Նախորդը

Գրիգոր Նարեկացի (951-1003). Հայկեան Հոգեմտաւոր Հանճարին Սրբազնագոյն Ճաճանչումը

Յաջորդը

Մայրաքաղաք Պէյրութի Անդորրը Խախտող Արարքներ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?