Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրաքաղաք Պէյրութի Անդորրը Խախտող Արարքներ

May 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ գիշեր Սեն Ժորժ շրջանին մէջ անծանօթ տղաք կուսակցական պատկանելիութիւն դրսեւորող դրօշակներ զետեղեցին հոն գտնուող նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի յուշարձանին վրայ:

Իրենց մոթորսիքլեթներով յուշարձանին մօտենալէ ու դրօշակը զետեղելէ ետք, անոնք ուղղուեցան Այշա Պաքքար, ուր վնաս հասցուցին կարգ մը ինքնաշարժներու եւ օդին մէջ կրակեցին:

Լիբանանեան բանակը անմիջապէս միջամտեց` հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակը յայտնեց, որ վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ եւ անոնցմէ պահանջած հակակշռել Պէյրութի մէջ տիրող սանձարձակութիւնն ու որդեգրելու պէտք եղած միջոցառումները, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովութիւնը հակակշիռի տակ պահել:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց գործուած այս արարքը` հաստատելով, որ Լիբանանը ներկայացնող յարգելի խորհրդանիշներուն դէմ գործուած այս արարքը մերժելի է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պէյրութի եւ անոր ընտանիքներուն ու ղեկավարներուն արժանապատուութիւնը վարկաբեկել կը նշանակէ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը խոցելի դարձնել:

Մուսթաքպալ հոսանքը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Ռաֆիք Հարիրիի յուշարձանին դէմ գործուած արարքն ու հարիւրաւոր մոթորսիքլեթներով Այշա Պաքքար մուտքն ու անոր փողոցներուն մէջ համայնքային գրգռիչ կանչեր հնչեցնելու աքթը:

Նշենք, որ Այշա Պաքքարի մէջ արձանագրուած բախումները հակակշռելէ ետք, բանակը ուղղուեցաւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններ եւ արգիլեց մոթորսիքլեթներուն մուտքը դէպի այդ շրջանը:

Բանակը մինչեւ ուշ գիշեր Պէյրութի փողոցներուն մէջ շրջուն ջոկատներով հսկեց ապահովութեան եւ բազմաթիւ անցարգելներ զետեղեց` պահպանելու համար մայրաքաղաքին անվտանգութիւնը:

Գիշերուան շուրջ ժամը 11:00-ին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ստորագրեց որոշում մը, որուն հիման վրայ

Պէյրութի մէջ մոթորսիքլեթներուն երթեւեկը արգիլուեցաւ յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին` պահպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Այշա Պաքքարի եւ Պէյրութի մէջ հաստատուած անդորրին զուգահեռ Պար Էլիասի մէջ արձանագրուեցան բախումներ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումի հետեւորդներուն եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներուն միջեւ: Արձակուեցան կրակոցներ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն Անդրադարձը Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Յաջորդը

Նուհատ Մաշնուք Յայտարարեց Ընտրուած Խորհրդարանի Նոր Պատկերը` Բացի Աքքարի Ընտրաշրջանէն

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.