Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ շարունակեց շնորհաւորութիւններ ընդունիլ:
Պըրրիի բնակարանը ողողուեցաւ այցելուներու հոծ բազմութեամբ, ինչպէս նաեւ ան շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւորականներու կողմէ:
Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, խորհրդարանին մէջ յեղաշրջում մը չէ կատարուած:
Ան նշեց, որ ըստ սովորականին, կան երեսփոխանական պլոքներ, որոնց անդամներուն թիւը աճ արձանագրած է, ինչպէս նաեւ կան այլ պլոքներ, որոնք թիւով նուազած են: «Սակայն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը խորհրդարանին մէջ ներկայացուած են, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կարելի չէ այս կամ այն քաղաքական կողմը ջնջել կամ անտեսել: Լիբանան համախոհութեան երկիր է` ոչ միայն կրօնական առումով, այլեւ` քաղաքական», հաստատեց ան:
Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանին նիստերուն սկսելէն անմիջապէս ետք պէտք է աշխատիլ բարեկարգելու ընտրական նոր օրէնքը, որպէսզի համամասնական այս օրէնքը գոհացնէ քաղաքական բոլոր ուժերը: