Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը եւ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ամերիկեան ու բրիտանական բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն նախագահեց լիբանանեան բանակին մատուցուելիք ամերիկեան-բրիտանական օժանդակութիւններու ծրագիրին վերաբերող նիստին: Ներկայ գտնուեցան նաեւ դեսպաններ Ռիչըրտ եւ Շորթըր:
Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին նախապէս մատուցուած օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ ապագային կատարուելիք օժանդակութիւնները, որպէսզի լիբանանեան բանակը կարենայ երկրին արեւելեան եւ հիւսիսային սահմանները լաւապէս պաշտպանել:
Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն, որոնք լիբանանեան բանակին զինուորական տեսակարար օժանդակութիւն տրամադրեցին: Ան մեծապէս գնահատեց զոյգ երկիրներուն յանձնառութիւնը` Լիբանանին զինուորական աջակցութիւն տրամադրելու առումով:
Իրենց կարգին, Ռիչըրտ եւ Շորթըր բարձր գնահատեցին լիբանանեան բանակին կողմէ գործադրուող արտակարգ ջանքերը` հակակշռելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: Անոնք խոստացան, որ իրենց երկիրները պիտի շարունակեն օժանդակել լիբանանեան բանակին` պահպանելու համար Լիբանանի անդորրն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:



