Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զբօսաշրջութեան Մարզին Համար 2018-ն Պիտի Ըլլայ Լիբանանի Լաւագոյն Տարին» Յայտարարեց Նախարար Կիտանեան

Մայիս 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն ներկայացուց նախարար Ռաէտ Խուրի, եւ նախաձեռնութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Վիզիթ Լեպանոն» ծրագիրի Բ. խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական եւ համաշխարհային 150 զբօսաշրջական ընկերութիւններ ու ճամբորդական գրասենեակներ:

Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, Զբօսաշրջական սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքար, զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուք, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ճամբորդական, զբօսաշրջական եւ պանդոկներու գրասենեակներու ներկայացուցիչներ:

«Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան նախագահ Ժորժ Ֆրէյհա արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն ողջունեց ներկաները` հաստատելով, որ 2018 տարեշրջանը կրօնական զբօսաշրջութեան տարին կը նկատուի: Ան աւելցուց, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցին 36 երկիրներէ 250 ներկայացուցիչներ:

Փիեռ Աշքար իր կարգին կոչ ուղղեց ներկաներուն Լիբանանի լաւ եւ դրական պատկերը փոխանցելու աշխարհին` հաստատելով, որ Լիբանան ապահով եւ կայուն երկիր է, որ ունի զբօսաշրջական լայն կարելիութիւններ:

Ապա խօսք առաւ նախարար Կիտանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս խորհրդաժողովը կազմակերպողներուն` աւելցնելով, որ տարի մը առաջ իրենք խոստացած էին, որ «Վիզիթ Լեպանոն»-ի խորհրդաժողովը տեղի ունենայ տարեկան դրութեամբ:

Ան կարեւոր նկատեց խորհրդաժողովին մասնակցող երկիրներու եւ ընկերութիւններու թիւի բարձրացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը եւ անոր զբօսաշրջական կարելիութիւնները ծանօթացնել կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երկիրներու եւ ընկերութիւններու:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտը բազմազան է եւ կրնայ ամբողջ տարուան ընթացքին տարբեր տեսակի զբօսաշրջիկներ ընդունիլ եւ բոլորին ճաշակը գոհացնել:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան վերաբերող զոյգ կայքերը, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի զուտ զբօսաշրջութեան, իսկ երկրորդը` խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութեան, արդէն իսկ պատրաստ են եւ կը գործեն: Ան աւելցուց, որ 28 մայիսին նախարարութիւնը պիտի սկսի Լիբանանի զբօսաշրջական մարզի ներկայացուցիչներուն վարժողական աշխատանքներուն, որպէսզի անոնք եւս կարենան վերոնշեալ կայքերը օգտագործել եւ զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել` այցելելու Լիբանան: Ան նշեց, որ իրեն համար հպարտութիւն է, որ այս բոլոր աշխատանքները կարելի եղած է մէկ տարուան ընթացքին կատարել: «Ինծի համար նուաճում է նաեւ, որ կայքերուն ընդմէջէն Լիբանան ամբողջ աշխարհին կը ներկայանայ զբօսաշրջական իր շրջաններով եւ կարելիութիւններով, որոնց կողքին կը գտնուին նաեւ սակերը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ կրօնական զբօսաշրջութիւնը դարձած է ամէնէն գրաւիչ զբօսաշրջական ոլորտներէն մէկը` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ամբողջացնէ այդ բոլոր չափանիշները:

«Մենք կը ջանանք նաեւ վերականգնել բժշկական զբօսաշրջութեան գլխաւոր կեդրոնը ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը: Լիբանան իր բժշկական կարողութիւններով եւ կարելիութիւններով եղած է Միջին Արեւելքի հիւանդանոցը, սակայն պատերազմին պատճառով այդ ճշմարտութիւնը շրջուած է: Հետեւաբար այսօր մեծ անհրաժեշտութիւն կայ օգտուելու Լիբանանի ընձեռած բժշկական յառաջդիմած եւ արդի կարողութիւններէն, որպէսզի կարելի ըլլայ բժշկական զբօսաշրջութեան իմաստով եւս Լիբանանի կշիռը վերահաստատել», ըսաւ ան:

Կիտանեան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է գործակցի տարբեր դեսպանատուներու հետ, որպէսզի անոնց հետ համաձայնութիւններ գոյացնէ` դէպի Լիբանան մուտքի արտօնագիր ստանալու հոլովոյթը դիւրացնելու առումով, յատկապէս նկատի ունենալով հետեւեալ երկիրները` Հնդկաստան, Թունուզ, Մարոք, Հայաստան եւ Եգիպտոս:

Այս առումով, նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ նախարարութիւնը կրցած է հաստատել նաեւ Պրազիլէն եւ Լատին Ամերիկայէն Լիբանան ուղղուելու թռիչք մը, որուն սակը մատչելի է` նկատի ունենալով, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը ուղղակի թռիչքներ չունի: «Այսպիսով, արտերկրի ոեւէ լիբանանցի կը քաջալերուի հանգիստ կերպով այցելելու Լիբանան», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք պիտի կատարէ երկու ճամբորդութիւններ` դէպի Քուէյթ եւ Սէուտական Արաբիա, ընդառաջելով Արաբական լիկայի ծիրին մէջ գործող Զբօսաշրջութեան արաբական կազմակերպութեան նախագահի հրաւէրին:

«Զոյգ այցելութիւններուն նպատակը պիտի ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւններու բարելաւումը` վերջ տալով Ծոցի երկիրներու բնակիչներուն Լիբանան այցելութիւնը արգիլող որոշումին», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան դրուատեց այս առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերը:

Ան շեշտեց, որ Քուէյթ այցելութիւնը պիտի կատարուի ռամատանի ընթացքին, իսկ Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը` ռամատանէն ետք, որպէսզի երկու երկիրներուն մէջ կայանան աշխատանքային հանդիպումներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ այդ երկիրներուն բնակիչները զբօսաշրջութեան համար վերադարձնել Լիբանան:

Ա. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովին յաջողութեան նպաստած բոլոր օժանդակողներուն` աւելցնելով, որ «Պիին սփորթ» ընկերութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ «Սամա» արբանեակային պատկերասփիւռի ընկերութեան հետ ստորագրուած է համաձայնագիր մը, որ առիթ կու տայ լիբանանցիներուն ընդունելի սակերով եւ պայմաններով հետեւելու Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք Մոնտիալ 2018-ի խաղերուն:

«Զբօսաշրջութեան մարզին համար 2018-ն պիտի ըլլայ Լիբանանի լաւագոյն տարին», եզրափակեց Աւետիս Կիտանեան:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Յանցագործները Ձերբակալելու

Յաջորդը

Պըրրի. «Իպրահիմ Ազարի Ընտրութեամբ Ուրախ Եմ, Իսկ Ելեւմուտքի Նախարարութենէն Պիտի Չզիջիմ»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?