Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ. «Տեղահանուածները Իրենց Հասած Երկրին Քաղաքացիներուն Հետ Ձուլելու Քաղաքականութիւնը Կը Ջրէ Լիբանանի Բազմազանութեան Իւրայատկութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

May 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ լիբանանեան սփիւռքի նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մասնակցեցաւ ցեղային եւ կրօնական բռնութիւններէ տուժածներու պաշտպանութեան միջազգային խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պասիլ յայտնեց, որ իրեն համար ցաւալի է տեսնել 1915-էն ետք նոյն սպանդներուն եւ ջարդերուն կրկնութիւնը: Ան նշեց, որ մարդ արարածը իր եղբօր հանդէպ գայլ մըն է` աւելցնելով, որ մարդ արարածը տակաւին կը շարունակէ իր եղբօր եւ մարդկութեան դէմ աւերներ գործել:

«Մարդ արարածը կը շարունակէ հալածել այն մարդիկը, որոնք տարբեր գոյնի, լեզուի, ցեղի, ընտանիքի եւ կրօնի կը պատկանին: Այս իմաստով պէտք է հասկնալ, որ հրեան իսլամէն աւելի արժանիքներ չունի, սպիտակամորթը սեւամորթէն աւելի ազնուական չէ: Ռուհինկան Պուրմայի կամ Միանմարի զաւակներէն աւելի նուաստացած պէտք չէ տեսնել, իսկ Տարֆուրի մէջ երեխաները մորթելու արարքը պէտք է խստիւ մերժել», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն դիմագրաւած արհաւիրքները անոնց կարողութիւնները ամրացուցին եւ ատակ դարձուցին` հանդուրժելու իրենց ցաւերուն: «Այս իմաստով Լիբանան շրջակայ երկիրներու ժողովուրդներուն ցաւերն ու վիշտերը կրցաւ հասկնալ ու հանդուրժել եւ տարիներէ ի վեր իր ուսերուն վրայ կը կրէ սուրիացի տեղահանուածներուն ծանր բեռը, որ միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարներ կը բարդէ պետութեան վրայ` հարուածելով անոր տնտեսութիւնը: Սակայն միջազգային ընտանիքին կողմէ տեղահանուածները իրենց հասած երկրին քաղաքացիներուն հետ ձուլելու քաղաքականութիւնը կը ջրէ Լիբանանի բազմազանութեան իւրայատկութիւնը: Արդեօք չէ՞ք համաձայնիր իմ տեսակէտիս, թէ միջազգային ընտանիքը իր որդեգրած այս քաղաքականութեամբ եւ մարդասիրական աշխատանքի պիտակին տակ կը հալածէ մարդկութիւնը, յատկապէս լիբանանցիներուն իրայատկութիւնը», հարց տուաւ ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի բնակչութեան թիւին կէսին հասնող տեղահանուածները երկրին վրայ պարտադրել կը նշանակէ Լիբանանի վրայ համաշխարհային ճնշում բանեցնել եւ Լիբանանի գոյացութիւնը քանդելու ուղղութեամբ գործել:

«Այս արարքին հիմնական նպատակն է լիբանանեան բազմազանութեան վերջ տալ` քաջալերելու համար իսրայէլեան միատեսակ գոյացութիւնը: Սակայն պէտք է հասկնալ, որ միատարր Իսրայէլը չի կրնար աշխարհի խաղաղութեան պատկերը ներկայացնել, իսկ ՏԱՀԵՇ իր վայրագութեամբ եւ բռնարարքներով չի կրնար աշխարհի ապագան ներկայացնել: Լիբանանը միակն է, որ իր բազմազանութեամբ եւ ազգային համերաշխութեամբ կրնայ տիպար օրինակը դառնալ ապագայ խաղաղութեան», եզրափակեց Պասիլ:

Նշենք, որ Պասիլ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հունգարացի իր պաշտօնակիցին` Փիթըր Սերաթոյի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-հունգարական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պելճիքացի իր պաշտօնակիցին` Տիտիէ Ռէյնտըրզի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի համար սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելը ամէնօրեայ դրութեամբ մղուող պայքար է:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Վերջին Նիստին Եւ Ընդգծեց Նոր Կառավարութիւնը Անյապաղ Կազմելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.