Լիբանանեան

Նատին Լապաքէ Կը Ստանայ «Քան» Փառատօնի  Դատական Անձնակազմի Մրցանակը

Նատին Լապաքէ Կը Ստանայ «Քան» Փառատօնի Դատական Անձնակազմի Մրցանակը

Լիբանանցի բեմադրիչ Նատին Լապաքէի «Քափըրնաում» ժապաւէնը «Քան»-ի շարժապատկերի 71-րդ միջազգային փառատօնին ընթացքին ստացաւ դատական անձնակազմի մրցանակը: Շարք մը լիբանանցի քաղաքական գործիչներ իրենց ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեցին Լապաքէի արձանագրած նուաճումին առիթով: Վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց Նատին Լապաքէն, «Քափըրնաում» ժապաւէնի անձնակազմը այս յաղթանակին առիթով եւ նշեց, որ ամբողջ Լիբանանը կը հպարտանայ Լապաքէի իրագործումով: Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի Լիբանանին համար հպարտութիւն նկատեց Լապաքէի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի տնտեսական եւ նիւթական շտապ իրավիճակի դէմ յանդիման` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է փտածութեան դէմ պայքարիլ: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա միջամուխ կը դառնայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` աւելցնելով, որ Ռիատ մեղսակից է լիբանանեան խորհրդարանին մէջ կազմելու երեսփոխանական պլոք մը, որուն պարտականութիւնն...

Լիբանանի Եւ Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի  Ախոյեան Հմըմ Զոյգ Յաղթանակները Նուիրեց  Նախագահ Աունին Եւ Վարչապետ Հարիրիին

Լիբանանի Եւ Արաբական Ակումբներու Պասքեթպոլի Ախոյեան Հմըմ Զոյգ Յաղթանակները Նուիրեց Նախագահ Աունին Եւ Վարչապետ Հարիրիին

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի եւ տղոց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեանի, այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը նուիրեց հանրապետութեան նախագահին: Նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի արձանագրած մարզական նուաճումներն ու յաղթանակները: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը` անոր իրագործած մարզական այդ կարեւոր նուաճումին...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը   Ճշդեց Պեքաայի Ու Պաալպեքի Մէջ Որդեգրուելիք  Ապահովական Միջոցառումներն Ու  Գործադրուելիք Բարգաւաճման Ծրագիրները

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ճշդեց Պեքաայի Ու Պաալպեքի Մէջ Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներն Ու Գործադրուելիք Բարգաւաճման Ծրագիրները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ...

Հարիրի Յառաջիկայ Շաբթուան  Ընթացքին Պիտի Մեկնի Ռիատ

Հարիրի Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Մեկնի Ռիատ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնի Ռիատ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ սէուտցի ղեկավարներու հետ: Հարիրիի Ռիատ կատարելիք այցելութիւնը արտակարգ կը նկատուի, յատկապէս նկատի ունենալով անոր գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Նատեր Հարիրիի հրաժարականը: Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ նախագահեց Մուսթաքպալի պլոքի նիստին, որ սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ պայքարի ճամբուն վրայ ինկած պաղեստինցի նահատակներուն յիշատակը: Նիստին ընթացքին...

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւնները

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւնները

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները: Հանդիպման աւարտին Պուխարի լրագրողներուն յայտնեց, որ այս բարեկամական այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Միքաթին ռամատանի եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու յաղթանակին առիթով: Միւս կողմէ, տարբեր անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ ընդունելու ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանը շրջապատող շրջանային...

Մաշնուք Շորթըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանի  Օժանդակութեան Միջազգային Խորհրդաժողովներէն  Օգտուելու Անհրաժեշտութիւնը

Մաշնուք Շորթըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային Խորհրդաժողովներէն Օգտուելու Անհրաժեշտութիւնը

Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ դեսպան Հիւկօ Շորթըր երէկ այցելած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքին: Հանդիպման աւարտին դեսպանը գոհունակութիւն յայտնած է անգամ մը եւս հանդիպելու նախարար Մաշնուքի հետ եւ ընդգծած, որ անոր փոխանցած է իր շնորհաւորութիւնները նախարարութեան, Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակի ջանքերուն համար` ապահովելու ժողովրդավարական ընտրութեան գործընթացի լաւ ընթացքը եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը  ձերբակալած է Հորթաալայի մէջ իր շրջուն ջոկատները կրակոցի թիրախ դարձուցած երեք յանցագործներ: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ կրթական կարգ մը հաստատութիւններ յարձակումի թիրախ կը դառնան, եւ կարգ մը դպրոցներու պարագային ծնողական խորհուրդները քաղաքականացած են: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց...

Հարիրի Ընդգծեց Աշխատանքի Առիթներ  Ստեղծելու Եւ Սեփական Մարզը  Զօրացնելու Կարեւորութիւնը

Հարիրի Ընդգծեց Աշխատանքի Առիթներ Ստեղծելու Եւ Սեփական Մարզը Զօրացնելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրներ բովանդակող համաձայնագիրի մը ստորագրութեան: Հարիրի շեշտեց, որ իրենք մեծ յոյսեր ունին, որ իրենց տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն բարգաւաճման վերաբերող պատկերացումներն ու ծրագիրները յաջողութիւն կ՛արձանագրեն: Այս շրջագիծին մէջ Հարիրի ընդգծեց աշխատանքի առիթներ ստեղծելու եւ սեփական մարզը զօրացնելու կարեւորութիւնը: Հարիրի նշեց, որ Սետրի խորհրդաժողովին նպատակը աշխատանքի նոր...

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանեան Թղթոսկիին  Վիճակը Կայուն Է, Եւ Կը Փնտռենք Միջոցներ`  Լուծելու Համար Համաշխարհային  Տոկոսներու Բարձրացումը»

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանեան Թղթոսկիին Վիճակը Կայուն Է, Եւ Կը Փնտռենք Միջոցներ` Լուծելու Համար Համաշխարհային Տոկոսներու Բարձրացումը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը եւ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը պահպանելու Կեդրոնական դրամատան աշխատանքը: Հանդիպումէն ետք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը շեշտեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ համաշխարհային դրամական շրջանակներուն մէջ եւ դրական արձագանգներ ունեցաւ` նշելով, որ լիբանանեան թղթոսկիին վիճակը կայուն է: Սալամէ նշեց, որ նախագահ...

Պըրրի Ընդունեց Նորընտիր Երեսփոխաններ

Պըրրի Ընդունեց Նորընտիր Երեսփոխաններ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նորընտիր երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն, որ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին բնական նկատեց այցելութիւններու շարքը սկսիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիով, որ իրենց առաջին դաշնակիցն է եւ նշեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր, յատկապէս խորհրդարանական աշխատանքի յաջորդ փուլին վերաբերեալ: Ֆրենժիէ յոյս յայտնեց, որ նախագահ Պըրրի կը վերընտրուի խորհրդարանի նախագահ`...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ տակաւին կը գտնուին կառավարութեան յաջորդ կազմը քննարկելու վիճակէն բաւական հեռու փուլի մը մէջ: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին նկատմամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ցուցաբերած վարուելակերպը ցեղապաշտական է եւ անմարդկային: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մամլոյ գրասենեակը հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահի եւ փոխնախագահի ընտրութեան...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ  Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը  Զարգացնելու Ծրագիրին

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Զարգացնելու Ծրագիրին

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նիստին բացումը կատարուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Կազայի մէջ զոհուած պաղեստինցի նահատակներուն յիշատակը: Ապա խօսք առաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ խստիւ դատապարտեց պաղեստինեան բռնագրաւուած հողերուն վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ողջունելով պաղեստինցի ժողովուրդին հակազդեցութիւնը: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ հարցը միշտ կը մտահոգէ զինք...

Պըրրի. «Կը Զօրակցիմ Ազգային  Միասնականութեան Կառավարութեան, Իսկ Իմ  Եւ Նախագահ Աունի Վարչապետի  Թեկնածուն Հարիրին Է»

Պըրրի. «Կը Զօրակցիմ Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան, Իսկ Իմ Եւ Նախագահ Աունի Վարչապետի Թեկնածուն Հարիրին Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող շրջանը: Միքաթի նշեց, որ Պըրրին շնորհաւորած է` երեսփոխանական ընտրութիւններուն անոր արձանագրած յաջողութեան, ինչպէս նաեւ ռամատանի տօնին առիթով: «Ռամատանի տօնին առիթով կը շնորհաւորեմ նաեւ լիբանանցիները եւ անոնց կը փոխանցեմ բարեմաղթութիւններս», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին Պըրրիի թեկնածութեան`...

«Ընտրական Համամասնական Ամբողջական  Օրէնքը Անհրաժեշտ Ուղին Է  Պետութեան Կերտումին»  Ընդգծեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը

հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրեց պըրրիի թեկնածութիւնը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի հերթական նիստին, որուն ընթացքին պլոքը խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրեց Նեպիհ Պըրրիի թեկնածութիւնը: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդալու ընթացքին շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները հանգստացուցած են երկրին քաղաքական կեանքը` նշելով, որ լիբանանցիներն ու լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է պատրաստուին սահմանադրական նոր հոլովոյթներ մուտք գործելու: Ան ըսաւ,...

Պաշիր Խտըր Զօր. Աունին  Կը Դիմէ Հակակշիռի  Տակ Առնելու Պաալպեքի  Ապահովական Խախտումները

Պաշիր Խտըր Զօր. Աունին Կը Դիմէ Հակակշիռի Տակ Առնելու Պաալպեքի Ապահովական Խախտումները

Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ կոչ ուղղեց անոր, որ վերջ տայ Պաալպեքի մէջ արձանագրուող ապահովական խախտումներուն: Զօր. Աուն ընդառաջեց Խտըրի առաջարկին եւ իսկոյն որդեգրեց միջոցառումներ: Քանի մը ժամ ետք բանակի ջոկատ մը, ինչպէս նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ուղղուեցան Պաալպեք եւ սկսան շրջուն ջոկատներով հսկել ապահովութեան:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը հաղորդեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին ներկայացուելիք բողոքներուն վերջնական ժամկէտը 6 յունիսն է: ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանական միացեալ համախմբում մը յայտարարելու հեռանկարները: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան...

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպելէ Ետք .  «Աւելի Քան Բացառիկ Հանդիպում Էր,  Որուն Ընթացքին Խորհրդարանի Աշխատանքին  Վերաբերեալ Տեսակէտները Նոյնն Էին»  Շեշտեց Պըրրի

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպելէ Ետք . «Աւելի Քան Բացառիկ Հանդիպում Էր, Որուն Ընթացքին Խորհրդարանի Աշխատանքին Վերաբերեալ Տեսակէտները Նոյնն Էին» Շեշտեց Պըրրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ նորընտիր խորհրդարանին քննարկելիք հարցերն ու թղթածրարները, յատկապէս առաջնահերթ շարք մը հարցեր, որոնք անմիջապէս պէտք է վաւերացուին` ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը: Հանդիպումէն ետք Պըրրի շեշտեց, որ նախագահին հետ իր հանդիպումը աւելի քան բացառիկ էր` աւելցնելով,...

Հզօր Լիբանանի Համախմբումը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ  Յաջորդ Կառավարութեան Կողմէ Տեղահանուածներու  Տունդարձին Շուրջ Համախոհութեան Գոյացումը

Հզօր Լիբանանի Համախմբումը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Յաջորդ Կառավարութեան Կողմէ Տեղահանուածներու Տունդարձին Շուրջ Համախոհութեան Գոյացումը

Հզօր Լիբանանի համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը չի կրնար լիբանանեան որոշումը շրջանցել, եթէ ան համախոհական որոշում ըլլայ: «Հետեւաբար համախմբումը անհրաժեշտ կը նկատէ յաջորդ կառավարութեան կողմէ տեղահանուածներու տունդարձին շուրջ համախոհութեան գոյացումը», ըսաւ ան: Պասիլ նկատել տուաւ, որ այդ տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել միայն...

Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ներկայութեամբ նախարարներ Ղաթթաս Խուրիի եւ Մըլհեմ Ռիաշիի, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Պասեմ Սապաայի: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ վարչապետին փոխանցած է կազմուելիք նոր կառավարութեան մասին իր կարծիքը` հաստատելով, որ նոր դահլիճը կարիք ունի նոր սկիզբի: «Տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու առումով Լիբանան երկար ժամանակ չունի,...

Page 650 of 987 1 … 649 650 651 … 987

Արխիւներ