Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Վերջին Նիստին Եւ Ընդգծեց Նոր Կառավարութիւնը Անյապաղ Կազմելու Կարեւորութիւնը

May 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որմէ ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, թէ այդ նիստը վերջին նիստն էր, որուն ընթացքին որդեգրուած են շարք մը վարչական տնօրինումներ:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ նորընտիր երեսփոխաններ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն եւ Մուսթաֆա Հիւսէյնի:

Հանդիպումէն ետք Խազեն շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը ազգային երաշխիք է, ինչպէս նաեւ ազգային չափաւորականութեան երաշխիք:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սկզբունքով խորհրդարանի նոր դիւանին, նախագահին եւ փոխնախագահին ընտրութեան նիստը պիտի գումարուի երեքշաբթի, 22 մայիս 2018-ին:

Խորհրդարանի նախագահի, փոխնախագահի եւ դիւանի ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի շեշտեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ խորհրդակցած խորհրդարանի փոխնախագահի անուան շուրջ: Ան նշեց, որ նախագահ Աուն յայտնած է, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պլոքը` խորհրդարանի մեծագոյն պլոքը ըլլալով իրաւունք ունի իր յոյն ուղղափառ համայնքի երեսփոխաններէն մէկը առաջադրելու այդ պաշտօնին համար:

Միւս կողմէ, Պըրրի նշեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ ընդգծած կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմելու կարեւորութիւնը: «Հակառակ անոր որ շրջանային իրավիճակը վտանգաւոր է, այսուհանդերձ նախարարաց խորհուրդի կազմութեան ուշացումը ա՛լ աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ ներքին լիբանանեան առումով կայ հսկայ վտանգ մը, որ տնտեսական վտանգն է` նկատի ունենալով, որ անիկա ահաւոր վիճակի մը հասած է: Ճիշդ է, որ Լիբանանին օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովներ կայացան եւ Լիբանանին օժանդակութիւններ ապահովուեցան, սակայն անոնք բոլորը պայմաններով էին, հետեւաբար պէտք է կառավարութիւնը կազմել, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքի լծուիլ եւ տնտեսական կացութիւնը փրկել», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ ինք համաձայն է Ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան` աւելցնելով, որ ինք միշտ զօրակցած է կառավարութեան մէջ ներկայացնելու քաղաքական բոլոր ուժերը, առանց բացառութեան:

 

Նախորդը

Պրիւքսելի Մէջ. «Տեղահանուածները Իրենց Հասած Երկրին Քաղաքացիներուն Հետ Ձուլելու Քաղաքականութիւնը Կը Ջրէ Լիբանանի Բազմազանութեան Իւրայատկութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Մերժէ Տեղահանուածները Լիբանանի Մէջ Բնակեցնելու Միջազգային Ընտանիքին Փորձերը

RelatedPosts

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Մտային  Սեփականութեան Ազգային  Օրուան Առիթով Կլոր Սեղանին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Մտային Սեփականութեան Ազգային Օրուան Առիթով Կլոր Սեղանին

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.