Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Պաշտօնազրկումներուն Միակ Պատճառը Հաշուետուութիւնն Է»

May 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն անցեալ շաբաթավերջին հնչած պաշտօնազրկումի եւ հրաժարականներու լուրերը շփոթ մը ստեղծեցին լիբանանցիներուն միջեւ:

Այդ լուրերը մերթ հաստատուեցան եւ մերթ հերքուեցան, մինչեւ որ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէս գիշերին թուիթըրեան իր գրառումին ընդմէջէն ընդգծեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի պաշտօնազրկումներուն վերաբերող մեկնաբանութիւններն ու գուշակութիւնները շատ են, «սակայն խորքին մէջ այդ պաշտօնազրկումներուն միակ պատճառը հաշուետուութիւնն է», շեշտեց Հարիրի` աւելցնելով, որ ինք լսած է Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներուն ու համակիրներուն խօսքը եւ իմացած անոնց ձգտումներուն մասին:

«Կրնամ հաստատել, որ անոնց ձգտումներն ու փափաքները ի դերեւ պիտի չելլեն: Նախապէս բոլորին ըսած էի եւ կ՛ըսեմ, 2018-ի Սաատ Հարիրին տարբեր է, իսկ Նատեր Հարիրիին ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ», յայտնեց ան:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, եւ անոր հրաժարականը կը վերագրուի անոր ու վարչապետին միջեւ հարցերու եւ ոչ թէ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն:

Ըստ անպաշտօն տեղեկութիւններու, Նատեր Հարիրի նախապէս ալ ներկայացուցած է իր հրաժարականը, իսկ այս վերջինը ան ներկայացուցած է անցեալ հինգշաբթի, 10 մայիսին, սակայն այդ մասին յայտնուած է շաբաթավերջին:

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ վարչապետ Հարիրի պաշտօնազրկած է վարչապետի գրասենեակի գործավար Մահեր Ապու Խտուտը, իսկ ստուգելէ ետք երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին տարբեր ընտրաշրջաններուն վերաբերող տեղեկագիրները, վարչապետ Հարիրի պաշտօնազրկած է նաեւ ընտրութիւններու ընդհանուր համակարգող Ուիսամ Հարիրին:

Նշենք, որ Մոհամետ Մնայմնէ նշանակուած է վարչապետի գրասենեակի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

Կը նախատեսուի, որ հրաժարականներուն եւ պաշտօնազրկումներուն ալիքը շարունակուի Մուսաթաքպալ հոսանքին մէջ:

 

Նախորդը

Արսլան Կոչ Կ՛ուղղէ Ժոմպլաթին Իր Խուլիկանները Զսպելու, Իսկ Ժոմպլաթ Կը Հաւատայ Շուէյֆաթի Հարցով Արդարութեան Պարտադրումին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ժամիլ Սէյիտի Հետ Քննարկեց Պաալպեք-Հերմելի Կարիքները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.