Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսլան Կոչ Կ՛ուղղէ Ժոմպլաթին Իր Խուլիկանները Զսպելու, Իսկ Ժոմպլաթ Կը Հաւատայ Շուէյֆաթի Հարցով Արդարութեան Պարտադրումին

Մայիս 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէյֆաթի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն վերաբերող ամբաստանութիւնները շարունակուեցան նաեւ շաբաթավերջին:

Մինչ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեամբ ամբաստանուած հիմնական յանցագործ Ամին Սուքիի եղբայրը` Թարեք Սուքի եւ Ուաէլ Պաննա, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շաբաթ կէսօրէ ետք Խալտէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը:

Արսլան մերժեց այն փորձերը, որոնք կը ճգնին ցոյց տալ, թէ Շուէյֆաթի մէջ պատահած դէպքը անձնական հարց է, որուն նպատակը Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութիւնն է` աւելցնելով, որ Շուէյֆաթի հարցը անձնական չէր, այլ` երկու ժամուան զինեալ բախում:

Արսլան շեշտեց, որ ինք կը մերժէ իր հասցէին ուղղուած բոլոր վարկաբեկումները եւ կոչ ուղղեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթին զսպելու իր խուլիկանները:

Ան շեշտեց, որ Ալա Ապու Ֆարաժ ցեխարձակումներու եւ լկտի բանավէճի ու սադրանքներու նահատակն է:

Արսլան վերահաստատեց, որ ինք ոչ մէկ յանցագործ իր հովանիին տակ կը պահէ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Արսլանի մամլոյ ասուլիսէն քանի մը ժամ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ վերահաստատեց իր կեցուածքը, թէ ապահովական կառոյցները պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնեն` հետաքննութեան նախաձեռնելու եւ արդար լուծում պարտադրելու առումով:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Արսլանի կողմէ բուն յանցագործին թաքստոց ապահովելու մօտեցումը կը ջրէ անոր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսը:

Հաղորդագրութիւնը վարչապետ Սաատ Հարիրիի ուշադրութեան յանձնեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կայ Շուէյֆաթ անունով շրջան մը, ուր ոճիր գործուած է, եւ ան իբրեւ պատասխանատու պէտք է հետապնդէ հարցը եւ օրէնքը գործադրէ:

Նշենք, որ երէկ Ժոմպլաթ յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ Ալա Ապու Ֆարաժի սպանութեան հարցով արդարութիւնը ինքզինք պիտի պարտադրէ:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ Խազենի Եւ Սամատի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Համախմբում Մը Գոյացնելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Հարիրի. «Պաշտօնազրկումներուն Միակ Պատճառը Հաշուետուութիւնն Է»

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?