Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին Պնաշյիի մէջ ընդունեց նորընտիր երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենը` ներկայութեամբ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խազեն շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Ֆրենժիէի ազգային ուղեգիծին եւ միշտ պիտի գործակցի անոր հետ: Ան նշեց, որ Ֆրենժիէի հետ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աւելի եւս պիտի ամրապնդուին ապագային:
Խազեն շնորհաւորեց նաեւ Թոնի Ֆրենժիէն` անոր ընտրութեան առիթով, ողջունելով Ֆրենժիէ ընտանիքին քաղաքական կշիռն ու ներկայութիւնը:
Խազեն ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ խօսած է երեսփոխանական համախմբում մը գոյացնելու իր միտումներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Ան աւելցուց, որ հաւանաբար այդ համախմբումը ըլլայ այն հազուագիւտ համախմբումներէն, որոնք ոչ համայնքային են:
Ֆրենժիէ ընդունեց նաեւ նորընտիր երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանին մէջ համախմբում մը գոյացնելու հեռանկարները: