Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . «Նախարարութիւններուն Վերաբերող Կանխաւ Ներկայացուած Պահանջները Անարժէք Են» Շեշտեց Հարիրի

Մայիս 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութիւնը չորեքշաբթի, 16 մայիսին պիտի գումարէ իր նիստը` առանց նշելու, թէ այդ նիստը պիտի ըլլայ գործող կառավարութեան վերջին նիստը:

Հարիրի շեշտեց, որ իրեն համար յստակ են միայն հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին համայնքային պատկանելիութեան վերաբերող աւանդութիւնները` աւելցնելով, որ նախարարութիւններուն վերաբերող կանխաւ ներկայացուած պահանջները անարժէք են:

Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է իր շնորհաւորութիւնները` երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին առիթով, աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք եւ նախագահ Աուն կը հսկեն երկրի իրավիճակին կայունութեան` ընդգծելով, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի աւելի լաւ փուլ մը: «Իսկ նորընտիր խորհրդարանը աւելի աշխուժ պիտի ըլլայ, եւ պիտի գործենք ի խնդիր Լիբանանի շահերուն ապահովումին», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, որ եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նոյն պաշտօնին համար թեկնածու է, ապա ինք կը զօրակցի անոր թեկնածութեան:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի դժուար ըլլալու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է ընտրել խորհրդարանի նախագահը, ապա վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք տեսնել, թէ ի՛նչ եզրակացութեան կը յանգին խորհրդակցութիւնները:

Շուէյֆաթի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան ճիշդ կեցուածքներով կրցան կացութիւնը հակակշռել:

Ան աւելցուց, որ որեւէ շրջանի մէջ արձանագրուելիք ապահովական խախտումի պարագային, բանակն ու ապահովութեան ուժերը պիտի միջամտեն եւ իրենց պարտականութիւնը պիտի կատարեն` պահպանելով քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Պըրրիի Մօտ

Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդելիք փուլին վերաբերող հարցերը:

Հարիրի դարձաւ Պըրրիի ընթրիքի հիւրը:

Նախորդը

Պասիլ – Մուաուատ Հանդիպում

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Փայլանի` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պահանջով Օրինագիծը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?