Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Մերժէ Տեղահանուածները Լիբանանի Մէջ Բնակեցնելու Միջազգային Ընտանիքին Փորձերը

Մայիս 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բրիտանական զինուորական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ զօր. Կրեկ Լորընսի եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը տակաւին շատ մարտահրաւէրներ ունի դիմագրաւելիք` աւելցնելով, որ նորընտիր խորհրդարանը պատասխանատու է վարչական աշխատանքը արդիականացնելու, ելեկտրականութիւն ապահովելու, ամբարտակներ կառուցելու, երկրին ենթակառոյցը բարելաւելու եւ անցում կատարելու արդիւնաբեր տնտեսութեան:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց իր կեցուածքը` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին գծով: Ան նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է վերադառնան Սուրիոյ ապահով վայրերը` զարմանք յայտնելով, որ ոմանք կը մերժեն այդ կեցուածքը եւ կը խոչընդոտեն տունդարձի հոլովոյթը:

Նախագահ Աուն մերժեց տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու միջազգային ընտանիքին փորձերը եւ անոր կողմէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման սպասելու տրամադրութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որ նախագահ Աունը շնորհաւորեց խաղաղ մթնոլորտի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման համար, ինչպէս նաեւ հաստատեց Լիբանանի նկատմամբ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Վերջին Նիստին Եւ Ընդգծեց Նոր Կառավարութիւնը Անյապաղ Կազմելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հարիրի. «Ամերիկեան Դեսպանատունը Երուսաղէմ Փոխադրելով Շրջանին Մէջ Ապահովութիւն Պարտադրելու Ընթացքը Անելի Կը Մատնուի»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?