Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիելի Մէջ. Արտերկրի Լիբանանցիներու Ներուժի Խորհրդաժողովի Ե. Հանդիպում

May 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պիելի մէջ նախագահեց Արտերկրի լիբանանցիներու ներուժի խորհրդաժողովի Ե. հանդիպումին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնց շարքին գլխաւորներն են շրջանային զարգացումները, Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու տնտեսական տագնապալի իրավիճակը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ օրեր առաջ Լիբանանի մէջ կատարուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կազմուեցաւ նոր խորհրդարան մը, ուր քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացուեցան` համաձայն իրենց չափին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ ընտրական նոր օրէնքին` համամասնական դրութեամբ օրէնքին հայթայթած ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը քաղաքական կայունութիւն պիտի պարտադրէ: «Կայունութիւն մը, որուն կարիքը ունի Լիբանան` դիմագրաւելու համար շրջանային զարգացումները», ըսաւ ան:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը իր անունը պիտի փոխէ` վերածուելով արտաքին գործոց եւ լիբանանեան սփիւռքի նախարարութեան:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ աւելի աշխուժ մասնակցութեան ապահովման հարցին:

«Մենք ճիգ պիտի չխնայենք, որ յաջորդ ընտրութիւններուն խորհրդարանի անդամներուն թիւը բարձրանայ 6 երեսփոխաններով, որոնք կը ներկայացնեն լիբանանեան սփիւռքը: Պիտի պայքարինք նաեւ, որ անոնց թիւը հասնի 12-ի եւ 18-ի», ըսաւ ան:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ Իսրայէլ բռնագաղթի կ՛ենթարկէ Միջին Արեւելքի իսլամներն ու քրիստոնեաները:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը կը մնայ լաւագոյնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնէական գոյութեան եւս վտանգ կը սպառնայ` նկատի ունենալով սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառած տագնապը, որուն ելքը ՄԱԿ ուղղակիօրէն կ՛առնչէ Սուրիոյ տագնապին տրամադրուելիք քաղաքական լուծման:

Նախորդը

Պըրրի. «Իպրահիմ Ազարի Ընտրութեամբ Ուրախ Եմ, Իսկ Ելեւմուտքի Նախարարութենէն Պիտի Չզիջիմ»

Յաջորդը

Հայ Դատը Կ՛առաջարկէ Արագացնել Հայաստանին 140 Միլիոն Տոլարի Կրթական Աջակցութեան Տրամադրումը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.