Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նայիմ Քասեմ. «Արաբական Կարգ Մը Երկիրներ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին Փորձեցին Դիմադրութեան Թեկնածուները Ձախողեցնել»

May 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ քաղաքականութիւնը հիմնուած է բռնարարքներու, անարդարութեան եւ իրաւազրկումի վրայ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի համար պաղեստինցիներուն սպանութիւնը արդար է, իսկ հրեաներուն բնակեցումը` փայլուն ծրագիր:

Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին կողմէ իր հողին կառչածութիւնը, անձնատուր ըլլալու գաղափարին մերժումը եւ դիմադրելու իր բացառիկ կարողութիւնը վերակենդանացուցած են Պաղեստինեան հարցը:

Շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ Հըզպալլայի համար անընդունելի է բանակցիլ եւ սակարկութեան ենթարկել հողային տարածքներուն պատկանելիութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Իսրայէլի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած արաբական երկիրները մնայուն բեռ եղած են Պաղեստինեան դատին վրայ:

Ան ընդգծեց, որ իրենք կը գտնուին յաղթանակներու նոր փուլի մը դիմաց, որմէ յաղթական դուրս պիտի գայ Դիմադրութիւնը` Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ իր մղած պայքարին մէջ: «Իսկ Դիմադրութեան արձանագրած բոլոր յաղթանակները կը նկատուին ի նպաստ Պաղեստինեան դատին լուծման», աւելցուց ան:

Շէյխ Քասեմ ըսաւ, որ այլեւս Իսրայէլ ի վիճակի չէ իրեն յարմար ճակատումի կանոնները ճշդել:

Ան ընդգծեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել, որովհետեւ այս երեքը Լիբանանի զօրութեան երաշխիքներն են:

Նշենք, որ Քասեմի այցելեց նաեւ նորընտիր երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնի, որ Քասեմի հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, որ շեշտեց, թէ իրենք Դիմադրութեան մաս կը կազմեն եւ անոր կողքին պիտի կանգնին:

Նախորդը

Ռուհանի. «Լիբանանի Նկատմամբ Մեր Զօրակցութիւնը Պիտի Շարունակենք` Կառավարական Եւ Ժողովրդային Մակարդակներու Վրայ»

Յաջորդը

Հարիրի – Ժահժահ Հանդիպում

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.