Վարչապետի Նշանակման Երեսփոխանական Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Ժամանակացոյց
Նախագահական պալատը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր` հինգշաբթի, 24 մայիս 2018-ին պիտի կատարէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ: Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք միօրեայ երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները պիտի ընթանան հետեւեալ ժամանակացոյցին հիմամբ. - Ընթացաւարտ շրջանի կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի` ժամը 10:00-ին: - Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` ժամը 10:15-ին: - Նախկին վարչապետ Թամմամ...



















