Թրիփոլիի Թալ շրջանին մէջ երէկ երեկոյեան արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, երբ բանակի մէկ ջոկատը ուղղուեցաւ այդ շրջանը` ձերբակալելու յանցագործ մը:
Զինեալ բախումներուն եւ բանակայիններուն վրայ նետուած ձեռնառումբի պայթումին պատճառով նահատակուեցաւ բանակային մը եւ վիրաւորուեցան վեց ուրիշներ:
Բանակը շարունակեց շրջանին մէջ իր խուզարկումները եւ աւելի խիստ միջոցներով հակադարձեց կրակոցներուն:
Ապա բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Թալի մէջ ձերբակալած է Մոհամետ Իպրահիմ Քոքոլաքին, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած է զանազան յանցանքներ գործելուն պատճառով եւ մէկէ աւելի բերման գիրերով:
Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ խոր կսկիծով գուժեց բանակային Ալի Մուսթաֆայի նահատակութիւնը:
Նախարար Մոհամետ Քապպարա, որուն գրասենեակին շրջակայքը արձանագրուեցան զինեալ բախումները, հաստատեց, որ ինք բանակին առաջին զօրակցողներէն է` հերքելով այն լուրերը, թէ յանցագործները պահուըտած են իր գրասենեակին մէջ:
Քապպարա շեշտեց, որ իրենք բանակին դէմ յարձակած ոչ ոքի կը զօրակցին կամ ոչ ոք կը հովանաւորեն:
Քապպարա խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ յարձակումը` ողջունելով բանակը, անոր հրամանատարն ու բանակի անդամ իւրաքանչիւր զինուորը:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ պէտք չէ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը խախտել` դատապարտելով բանակին դէմ գործուած յարձակումը:
Միքաթի նշեց, որ Թրիփոլի, ինչպէս որեւէ լիբանանեան այլ շրջան, ենթակայ է լիբանանեան պետութեան, իսկ բանակն է, որ կը պաշտպանէ երկիրը: