Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքը Առաջադրեց Պըրրիի Թեկնածութիւնը

May 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին` ներկայութեամբ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլի, Ինայա Իզէտտինի եւ Ղազի Զաայթերի:

Նիստէն ետք պլոքի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ պլոքը իր նախագահին` Նեպիհ Պըրրիի թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ խորհրդարանի նախագահութեան պաշտօնին համար:

Ան նշեց, որ պլոքը ընտրած է իր փոխնախագահը` երեսփոխան Իպրահիմ Ազար` աւելցնելով, որ ինք վերանշանակուած է պլոքի ընդհանուր քարտուղար:

Խալիլ նշեց, որ պլոքը երեսփոխան Միշել Մուսայի թեկնածութիւնը առաջադրած է դիւանի անդամակցութեան համար, ինչպէս նաեւ որոշած է շաբաթական դրութեամբ իր նիստերը գումարել:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները կը պահանջեն գործակցութեան նոր էջ մը բանալ` ամրապնդելու համար աշխատանքը: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով յետին նպատակներ չկան:

Քանաան յայտնեց, որ իրենց եւ Պըրրիի միջեւ գործակցութեան պատրաստակամութիւն կայ:

Քանաան ընդգծեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ըլլալ դրական, որպէսզի յաւելեալ նուաճումներ իրագործուին` մոռնալով երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին տիրած մթնոլորտը:

Իր կարգին, երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ նշեց, որ խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին իր թեկնածութեան մասին շատ խօսուած է վերջին քանի մը օրերուն` աւելցնելով, որ այդ պաշտօնին համար ինք իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած:

«Այդ պաշտօնի թեկնածուն կ՛առաջադրուի համախմբումին կողմէ, եւ մեր կեցուածքը այդ որոշումին լոյսին տակ կը ճշդուի», ըսաւ ան:

Ապու Սաապ յայտնեց, որ ինք առաջին անգամ ըլլալով է, որ երեսփոխան ընտրուած է եւ կրնայ արդիւնաւէտ աշխատանք ունենալ:

Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անիս Նասսար, որ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ ինք խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածու է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը որդեգրած է իր թեկնածութիւնը:

Նասսար յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան պիտի մասնակցի սպիտակ քուէով` աւելցնելով սակայն, որ Պըրրիի նկատմամբ զօրակցութիւնը առկայ է:

 

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Նիստին. «Վարչապետի Պաշտօնին Համար Կը Զօրակցինք Հարիրիի Թեկնածութեան Եւ Խորհրդարանի Փոխնախագահի Պաշտօնին Համար Կ՛առաջադրենք Ֆըրզլիի Թեկնածութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Ընտրէ Իր Նախագահը, Փոխնախագահն Ու Դիւանը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.