Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Մուսթաքպալ պլոքի ստանձնելիք աշխատանքները` խորհրդարանի յաջորդ նստաշրջանին:
Հարիրի ողջունեց տարիներ շարունակ Սինիորայի ունեցած դերակատարութիւնը` Մուսթաքպալ պլոքի աշխատանքներուն հսկելու առումով, եւ շեշտեց, որ ինք կը հաւատայ պլոքին կարողութեան` յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին խորհրդարանին մէջ ինքզինք փաստելու առումով:
Հարիրի ըսաւ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները պէտք է զիրենք մղեն իրենց աշխատանքը բազմապատկելու եւ քաղաքական ու օրէնսդրական իրենց ներկայութիւնը ամրապնդելու` ժողովրդային թէ խորհրդարանական յանձնախումբերու մակարդակներուն վրայ:
Նիստէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ խորհրդարանի այսօրուան նիստին ընթացքին Մուսթաքպալ պլոքը պիտի վերընտրէ Նեպիհ Պըրրին` խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար, միաժամանակ հաստատելով, որ Մուսթաքպալ պլոքը կտրականապէս կը մերժէ երեսփոխան Էլի Ֆըրզլիի թեկնածութեան զօրակցիլ` իբրեւ խորհրդարանի փոխնախագահ:
Նիստէն ետք երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար նկատել տուաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը խորհրդարանին մէջ պիտի դառնայ անիրաւուածներուն ձայնը` նշելով, որ եթէ իբրեւ Մուսթաքպալ հոսանք իրենք արժանացած են ժողովուրդի վստահութեան, ապա ժողովուրդը արժանի է, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պաշտպանէ անոր բարօրութեան պայմաններ ապահովող իրաւունքները:
Հաժժար աւելցուց նաեւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը վարչապետ Հարիրիի ընտրանքները հզօր կը նկատէ Լիբանանի պաշտպանութեան համար, յատկապէս Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովներուն արդիւնքները ապահովելու առումով:
Հաժժար նշեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար պլոքը կ՛որդեգրէ Հարիրիի թեկնածութիւնը:
Ժոմպլաթ Կ՛այցելէ Հարիրիի
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երեկոյեան այցելեց վարչապետ Հարիրիի` ներկայութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ նախկին նախարար Պասեմ Սապաայի:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար կը զօրակցին Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան, ինչպէս նաեւ համաձայն են Նեպիհ Պըրրին վերընտրելու խորհրդարանի նախագահ:
Միւս կողմէ, ան ըսաւ, որ խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին համար Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխանները ընտրութեան ազատութիւն ունին: