Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Վերջին Նիստը

Մայիս 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր վերջին նիստը` նկատի ունենալով, որ երէկ կէս գիշերին կառավարութիւնը նկատուեցաւ հրաժարած եւ ստացաւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կարգավիճակ:

Նիստին նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ նախքան նիստին սկսիլը հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Նիստին ընթացքին խօսք առաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիի եւ նախարարներուն` կառավարութեան արձանագրած իրագործումներուն համար, մաղթելով, որ նախարարները իրենց աշխատանքները պատասխանատուութեամբ կատարեն յաջորդ փուլին ընթացքին եւ կեդրոնանան վարչական հոլովոյթներն ու քաղաքացիներուն գործառնութիւնները դիւրացնելու վրայ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ կառավարութեան իրագործած նուաճումները կը նկատուին պետական պիւտճէի վաւերացումը, ընտրական օրէնքի վաւերացումն ու երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը, դատական իշխանութեանց եւ պետական պաշտօնեաներու նշանակումներու ամբողջացումը, ինչպէս նաեւ կազի եւ նաւթի պեղումները սկսելու աշխատանքին մեկնարկը կատարելը:

Նախագահ Աուն վարչապետ Հարիրիէն խնդրեց կառավարութեան աշխատանքներուն մասին տեղեկագիր մը պատրաստել եւ զայն դնել քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ:

Կառավարութիւնը կազմեց դպրոցներու վարչութիւններուն եւ ծնողական խորհուրդներուն միջեւ իրաւարար խորհուրդ մը, կազմեց յանձնախումբ մը` «Սամա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ Մոնտիալի սփռումին մասին խորհրդակցելու եւ նախքան 5 յունիսը վարչապետին իր տեղեկագիրը ներկայացնելու:

Յանձնախումբին մաս կը կազմեն մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու, տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարները, որոնք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Մոնտիալը «Թելէ Լիպան»-էն սփռելու նպատակով:

Կառավարութեան որոշումով Ռոնի Լահուտ վերանշանակուեցաւ Բնակարանային վարկերու պետական խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն:

Կառավարութիւնը գնդապետ-զօրավար Մալեք Շամասը նշանակեց զինուորական խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ որոշեց կառավարական հիւանդանոցներու պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձի յաւելում տրամադրել:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ 850 մեկաուաթ յաւելեալ ելեկտրականութիւն արտադրելու իմաստով նոր նուազուրդ մը սկսելու` նուազուրդի պետական վարչութեան ընդմէջէն, սակայն նկատի ունենալով, որ նոր նուազուրդի համաձայնագիրը նախորդ նուազուրդին համար պատրաստուածն էր, եւ անոր շուրջ նուազուրդի պետական վարչութիւնը շարք մը դիտողութիւններ արձանագրած էր, նուազուրդը մերժուեցաւ:

Առաջարկուած այս ծրագիրին մասին իրենց մերժումը յայտնեցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Մարատա հոսանքին, Ամալ շարժումին, Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախարարները:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ պահանջեց նուազուրդին համար ներկայացուած համաձայնագիրը, որուն շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ ինք կը մերժէ այդ նուազուրդը եւ ոչ թէ վերապահութիւն յայտնած է այդ իմաստով, որովհետեւ Ամալ շարժումի նախարարները կը մերժեն ժամանակաւոր լուծումները եւ կ՛ուղղուին արմատական լուծումներ գտնելու ելեկտրականութեան տագնապին:

Այս շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը պարտականութիւն տուաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլին բանակցելու «Քարատենիզ» ընկերութեան հետ եւ առաջարկելու, որ անոր արտադրած ելեկտրականութեան մեկաուաթին արժէքը նուազեցնելու պարագային Լիբանան պատրաստ է անոր հետ ստորագրած իր համաձայնագիրը երեք տարիով երկարաձգելու:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ Տէյր Ամար ելեկտրական ընկերութիւնը հիմնելու` յառաջիկայ 20 տարուան ընթացքին:

Ապի Խալիլ «Քարատենիզ» ընկերութեան հետ համաձայնութիւն գոյացուց նաեւ, որ մէկ ամիսէն երրորդ նաւ մը ուղարկեն Լիբանան` Լիբանանին 200 մեկաուաթ ձրի ելեկտրական հոսանք տրամադրելու նպատակով:

Այս մասին աւելի ուշ ակնարկութիւն կատարեց Հասան Խալիլ` ընդգծելով, որ ինք հպարտ կը զգայ, որ դէմ քուէարկած է նաեւ նաւերուն համաձայնագիրին:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է իրենց այն պահանջը, որ սկիզբէն կը խնդրէին: «Ընտրութիւնները վերջ գտան, եւ անոնք համաձայն գտնուեցան նաւերուն, Տէյր Ամարի եւ կազի առաջարկներուն, որոնք առաջին օրէն իսկ ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը կը նկատուէին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Սեզար Ապի Խալիլ կառավարութեան նիստէն ետք յայտնեց. «Այն պայմանները, որոնք երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ մերժուած էին, ընտրութիւններէն ետք արտօնուած են: Դժբախտաբար երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը մերժուած էր»:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն` Դիւրացնելու Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Յաջորդը

Փաշինեան. «Հայաստանի Իշխանութեան Որեւէ Ներկայացուցիչ Հրահանգ Չի Տար Դատարաններուն Այս Կամ Այն Որոշում Կայացնելու Հարցին Մէջ»

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?