Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Ընտրէ Իր Նախագահը, Փոխնախագահն Ու Դիւանը

Մայիս 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի երիցագոյն երեսփոխան Միշել Մըրի:

Նիստին ընթացքին խորհրդարանը պիտի ընտրէ իր նախագահը, փոխնախագահն ու դիւանը:

Խորհրդարանի նախագահութեան միակ թեկնածու երեսփոխան Նեպիհ Պըրրիի ընտրութիւնը արդէն իսկ կարելի է վերջնականապէս հաստատել` նկատի ունենալով խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական պլոքներուն կեցուածքները:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած են երեսփոխաններ Էլի Ֆըրզլիի եւ Անիս Նասսարի թեկնածութիւնները, եւ նկատի ունենալով, որ երեսփոխանական պլոքները հաստատ կեցուածք չեն ճշդած այս իմաստով, կարելի չէ հաստատել Ֆըրզլիի կամ Նասսարի ընտրութիւնը:

Աւելցնենք, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը առաջադրեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ համախմբումի անդամ Ալեն Աունի թեկնածութիւնը` իբրեւ խորհրդարանի դիւանի անդամ:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ըստ սահմանադրութեան, կառավարութիւնը հրաժարած կը նկատուի:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին եւ նախարարներուն` մաղթելով, որ անոնք իրենց ընթացիկ աշխատանքները նոյն պատասխանատուութեամբ շարունակեն, մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի սարքէ իֆթար մը, որուն ընթացքին պիտի հիւրընկալէ պետական անձնաւորութիւնները` նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւոր պետեր` իսլամ եւ քրիստոնեայ, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Կը նախատեսուի, որ ռամատանի առիթով իր արտասանելիք խօսքին մէջ նախագահ Աուն անդրադառնայ Լիբանանի ներքին իրադարձութիւններուն:

Նախորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքը Առաջադրեց Պըրրիի Թեկնածութիւնը

Յաջորդը

Առաջին Հանրապետութեան Տարեդարձը Մեզ Կրկին Խորհելու Առիթ Պիտի Տայ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?