Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարիէն Իֆթարի Հրաւէր Լիբանանցի Ներկայ Եւ Նախկին Իշխանութեան Պետերու Եւ Մեծ Թիւով Պետական Անձնաւորութիւններու

May 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարի շաբաթ երեկոյեան սարքեց իֆթար մը, որուն ներկայ գտնուեցան Սէուտական Արաբիոյ  թագաւորական պատուիրակ Նիզար Օլուլա, վարչապետ Սաատ Հարիրի, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, որոնց շարքին` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, ապահովական կառոյցներու պետեր, որոնց շարքին` Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի եւ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ:

Պուխարի ներկաները ողջունեց հաստատելով, որ Լիբանանի հետ Սէուտական Արաբիոյ բարեկամութիւնը պատմական է` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութեան արմատները կը նմանին Մայրիներու խոր արմատներուն:

Ռամատանի տօնին առիթով Պուխարի իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց բոլորին:

Իր կարգին, վարչապետ  Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա միշտ կը միացնէ լիբանանցիները եւ ոչ թէ կը բաժնէ զանոնք:

«Այս իրականութիւնը սորված ենք Սէուտական Արաբիայէն եւ գիտենք, որ Ռիատ կը փափաքի, որ Լիբանան պահպանէ իր ազգային միասնականութիւնը` մարտահրաւէրներուն դիմաց: Սէուտական Արաբիոյ մաղթանքն է, որ Լիբանան պահպանէ իր արաբականութիւնը եւ յանձնառու մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ պատմութեան` կառչած մնալով արաբական եղբայր երկիրներուն հետ լաւ յարաբերութիւններու պահպանուին: Ան նշեց, որ Լիբանանէն կը պահանջուի ինքզինք զանց կացուցել արաբական եղբայր երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալէ:

Հարիրի իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ, որ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը նպաստէ անոր վերաշինութեան, խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան ամրապնդումին:

 

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. Ժոմպլաթ. «Ժողովրդավարական Հանդիպումը Պիտի Քուէարկէ Ի Նպաստ Պըրրիի»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Կառավարութեան Վերջին Նիստին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.